ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10
10
Յիսուսի տասներկու առաքեալները
(Մր 3.13-19, Ղկ 6.12-16, Գրծ 1.13)
1Յիսուս իր մօտ կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնց իշխանութիւն տուաւ՝ պիղծ ոգիները իրենց հնազանդեցնելու եւ մարդոցմէ դուրս հանելու զանոնք, ինչպէս նաեւ բժշկելու բոլոր ցաւերն ու հիւանդութիւնները։
2Տասներկու առաքեալներուն անուններն են.– Առաջին՝ Սիմոն, որ Պետրոս կոչուեցաւ, եւ եղբայրը՝ Անդրէաս, 3Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ եղբայրը Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողոմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս մաքսաւոր, Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոս, եւ Ղեբէոս, որ Թադէոս կոչուեցաւ, 4Սիմոն Նախանձայոյզ եւ Յուդա Իսկարիոտացի, որ մատնեց զինք։
Յիսուս կ՚առաքէ տասներկու առաքեալները
(Մր 6.7-13, Ղկ 9.1-6, 10.3-12)
5Յիսուս այս տասներկու աշակերտները ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով.
– Մի՛ երթաք հեթանոսներուն շրջանները եւ Սամարացիներուն քաղաքները մի՛ մտնէք, 6այլ մասնաւորաբար գացէք Իսրայէլի կորսուած ոչխարներուն։ 7Ու երբ կ՚երթաք, քարոզեցէք՝ թէ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է։ 8Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, չար ոգիները հանեցէք։ Ձրի առիք, ձրի ալ տուէք։ 9Ձեր գօտիներուն մէջ ո՛չ ոսկի, ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ ալ պղինձ դրամ ունեցէք։ 10Ճամբու համար ո՛չ պարկ առէք, ո՛չ աւելորդ հագուստ, ո՛չ կօշիկ եւ ո՛չ գաւազան։ Քանի աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին։
11Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, տեսէք թէ ո՛վ արժանաւոր է ձեզ ընդունելու. հոն մնացէք մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։ 12Եւ երբ տունը մտնէք, տանտիրոջ բարեւեցէք ըսելով. «Ողջոյն ձեզի»։ 13Եթէ տնեցիները արժանաւոր են՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոնց վրայ թող հանգչի, իսկ եթէ արժանաւոր չեն՝ այն ատեն ձեր ողջոյնը թող վերադառնայ ձեզի։ 14Եւ եթէ տան մը կամ քաղաքի մը բնակիչները ձեզ չընդունին եւ ձեր խօսքը չլսեն, այդտեղէն ելլելու ատեն ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք։ 15Գիտցէք, որ Դատաստանի օրը Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ այդ քաղաքինը։
Նեղութիւններ եւ հալածանքներ
(Մր 13.9-13, Ղկ 12.11-12, 21.12-17)
– 16Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս։ 17Զգո՛յշ եղէք, որովհետեւ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք ձեզ դատարան պիտի տանին եւ իրենց ժողովարաններուն մէջ ծեծեն։ 18Իմ պատճառովս ձեզ կառավարիչներու եւ թագաւորներու դիմաց պիտի հանեն, որպէսզի անոնց եւ բոլոր ազգերուն իմ մասիս վկայութիւն տաք։ 19Արդ, երբ ձեզ դատելու տանին, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչ պիտի ըսէք եւ ի՛նչպէս. որովհետեւ ինչ որ պիտի ըսէք՝ այդ ժամուն պիտի տրուի ձեզի, 20քանի խօսողը դուք պիտի չըլլաք, այլ ձեր Հօրը Հոգին պիտի խօսի ձեր միջոցաւ։
21Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ, հայրը՝ իր զաւակը։ Զաւակներ իրենց ծնողներուն դէմ պիտի ելլեն եւ սպաննեն զանոնք։ 22Ամէն մարդ ձեզ պիտի ատէ իմ պատճառովս։ Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի։
23Եւ երբ հալածեն ձեզ քաղաքի մը մէջ, ուրիշ քաղաք մը փախէք, եւ եթէ հոնկէ ալ հալածեն՝ փախէք այլ քաղաք մը։ Վստահ գիտցէք, որ պիտի չկրնաք վերջացնել Իսրայէլի քաղաքները՝ Մարդու Որդիին գալուստէն առաջ։
24Աշակերտը իր ուսուցիչէն գերիվեր չէ, ոչ ալ ծառան՝ իր տիրոջմէն։ 25Հերիք է աշակերտին, որ իր ուսուցիչին պէս ըլլայ, եւ ծառային՝ իր տիրոջ պէս։ Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, հարկաւ նոյնը աւելիով պիտի ըսեն անոր ընտանիքի անդամներուն։
Որմէ՞ վախնալ
(Մր 8.38, Ղկ 9.26, 12.2-9)
26Հետեւաբար անոնցմէ մի՛ վախնաք։ Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան որ չգիտցուի։ 27Ինչ որ մութին մէջ կ՚ըսեմ ձեզի՝ օր ցերեկով յայտարարեցէք, եւ ինչ որ ձեզի առանձնութեան մէջ կ՚ըսեմ՝ տանիքներէն բարձրաձայն քարոզեցէք։ 28Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ։ 29Երկու ճնճղուկը հինգ դահեկան չ՚ա՞րժեր. եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ գետին չ՚իյնար առանց ձեր Հօրը գիտութեան։ 30Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ 31Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին։
32Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, ես ալ զայն ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է։ 33Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է։
Յիսուս բաժանումի պատճառ
(Մր 8.34-35, Ղկ 9.23-24, 12.51-53, 14.26-27)
– 34Մի՛ կարծէք թէ աշխարհին խաղաղութիւն բերելու եկայ։ Ո՛չ. չեկայ խաղաղութիւն բերելու, այլ՝ սուր։ 35Քանի եկայ զաւակը հօրմէն բաժնելու, աղջիկը՝ մօրմէն, հարսը՝ կեսուրէն։ 36«Մարդուս թշնամիները իր ընտանիքի անդամները պիտի ըլլան»։ 37Ով որ իր հայրն ու մայրը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ ինծի։ Եւ ով որ իր տղան կամ աղջիկը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ ինծի։ 38Ան որ իր խաչը չ՚առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի։ 39Ով որ իր կեանքը իրեն կը պահէ՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ իր կեանքը կը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն։
Վարձատրութիւնը
(Մր 9.40)
– 40Ան որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկողը ընդունած կ՚ըլլայ։ 41Ով որ մարգարէ մը կ՚ընդունի մարգարէ ըլլալուն համար՝ մարգարէի յատուկ վարձատրութիւն պիտի ստանայ, եւ ան որ արդար մը կ՚ընդունի արդար ըլլալուն համար՝ արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ։ 42Եւ ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն նոյնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ խմելու՝ իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վստահ եղէք որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ։
Pilihan Saat Ini:
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 10: WANTACoC
Sorotan
Berbagi
Salin
Ingin menyimpan sorotan di semua perangkat Anda? Daftar atau masuk
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019