1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:5
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել։
Bandingkan
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:5
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:4
Ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ։ Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձին պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:4
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:7
Եթէ ինծի միացած մնաք եւ խօսքերս ձեր մէջ մնան, խնդրեցէք Աստուծմէ ինչ որ ուզէք եւ պիտի տայ ձեզի։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:7
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:16
Դուք չէ որ զիս ընտրեցիք, այլ ե՛ս ձեզ ընտրեցի եւ նշանակեցի ձեզ՝ որ երթաք եւ պտղաբեր ըլլաք եւ ձեր պտուղը մնայուն ըլլայ, որպէսզի Հայրս տայ ձեզի ինչ որ իմ անունովս խնդրէք։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:16
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:13
Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:13
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:2
Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:2
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:12
Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:12
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:8
Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:8
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:1
Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:1
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:6
Ով որ ինծի միացած չի մնար՝ կտրուելով դուրս կը նետուի եւ կը չորնայ, նման այն ճիւղերուն՝ որ կը հաւաքեն եւ կրակը նետելով կ՚այրեն։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:6
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:11
Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:11
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:10
Եթէ գործադրէք իմ պատուիրաններս, իմ սիրոյս մէջ մնացած պիտի ըլլաք, ինչպէս որ ես Հօրս պատուիրանները գործադրելով անոր սիրոյն մէջ կը մնամ։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:10
13
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:17
Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք իրար։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:17
14
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:19
Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 15:19
Beranda
Alkitab
Rencana
Video