ՏԻՏՈՍ 2

2
ՈՂՋԱՄԻՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
1Սորվեցուր ինչ որ կը վայլէ ողջամիտ վարդապետութեան։ 2Ծերերուն՝ զգաստ ըլլայ, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով։ 3Նոյնպէս ալ պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. ո՛չ բանսարկու ըլլալ, ո՛չ #2:3 Յուն., շատ գինիի ծառայ եղածգինեմոլ, հապա բարի խրատ տուող. 4Որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, 5Խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։ 6Նոյնպէս ալ երիտասարդները յորդորէ խոհեմ ըլլալ։ 7Ամէն կողմէ քու անձդ բարի գործերու օրինակ ցուցնելով, վարդապետութեան մէջ անեղծութիւն. պարկեշտութիւն, 8Ողջամիտ ու անմեղադրելի խօսք, որպէս զի հակառակ կեցողը ամչնայ ու մեր վրայով գէշ բան մը չկրնայ ըսել։ 9Ծառաներուն սորվեցուր իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլալ եւ ամէն բանի մէջ հաճելի՝ ո՛չ հակառակախօսներ, 10Ո՛չ խորողներ, հապա կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցնեն, որպէս զի մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարեն։ 11Քանզի Աստուծոյ փրկարար շնորհքը բոլոր մարդոց երեւցաւ։ 12Ան մեզ կը խրատէ՝ որպէս զի ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ։ 13Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։ 14Ան իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր։ 15Այդ բաները ըսէ՛ եւ յորդորէ՛ ու յանդիմանէ՛ սաստելով։ Չըլլայ թէ մէկը քեզ անարգէ։

Արդեն Ընտրված.

ՏԻՏՈՍ 2: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք