ՍԱՂՄՈՍ 91
91
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ
1Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝
Ամենակարողին հավանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։
2Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է.
Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։
3Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն,
Ապականիչ ժանտամահէն։
4Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ
Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։
Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի։
5Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն
Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն,
6 Ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն
Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։
7Հազար հոգի քու քովէդ
Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան,
Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։
8Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս
Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։
9Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս,
Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր,
10Քեզի չարիք պիտի չհասնի
Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։
11Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար,
Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։
12Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ,
Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես։
13Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես.
Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես։
14Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ,
Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա.
Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ,
Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։
15Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ,
Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ,
Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա,
16Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա
Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 91: WARMB
Ընդգծել
Կիսվել
Պատճենել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.