ՍԱՂՄՈՍ 22
22
ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ՃԻՉ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Աստուա՛ծ իմ, Աստուած իմ, զիս ինչո՞ւ թողուցիր։
Զիս փրկելէն ու պոռալուս խօսքերէն հեռու կեցար։
2Ո՛վ իմ Աստուածս, ցորեկը քեզի կը կանչեմ ու չես պատասխաներ.
Եւ գիշերը կը կանչեմ ու չեմ դադարիր։
3Բայց դուն սուրբ ես,
Ով Իսրայէլի գովաբանութիւններուն մէջ բնակող։
4Մեր հայրերը քեզի յուսացին։
Յուսացին ու փրկեցիր զանոնք։
5Քեզի աղաղակեցին ու ազատեցան.
Քեզի յուսացին ու չամչցան.
6Բայց ես որդ եմ ու մարդ չեմ,
Մարդոց մէջ՝ քամահարուած ու ժողովուրդներուն մէջ՝ անարգուած։
7Բոլոր զիս տեսնողները զիս ծաղր կ’ընեն.
Շրթունք կը բանան, գլուխ կ’երերցնեն,
8 Ըսելով. «Տէրոջը յուսաց, թող փրկէ զանիկա.
Թող ազատէ զանիկա, վասն զի անոր հաւնեցաւ»։
9Բայց զիս մօրս արգանդէն հանողը դուն ես.
Մօրս ծիծը եղած ատենս դուն ինծի յոյս տուիր։
10Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ.
Իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս։
11Մի՛ հեռանար ինծմէ, վասն զի նեղութիւնը մօտ է,
Վասն զի օգնող մը չկայ։
12Շատ զուարակներ չորս կողմս առին,
Բասանի ցուլերը զիս պաշարեցին։
13Իրենց բերանը իմ վրաս բացին՝
Յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս։
14Ջուրի պէս թափուեցայ
Ու բոլոր ոսկորներս քակուեցան.
Սիրտս մոմի պէս եղաւ,
Հալեցաւ փորիս մէջ։
15Չորցաւ իմ ոյժս հողէ ամանի մը պէս
Ու լեզուս քիմքիս փակաւ
Եւ զիս մահուան հողը դրիր։
16Վասն զի շուները չորս կողմս առին,
Չարերուն ժողովը զիս պատեց,
Ձեռքերս ու ոտքերս ծակեցին։
17Իմ բոլոր ոսկորներս կրնամ համրել.
Անոնք կը նային, կը տեսնեն զիս։
18Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն
Ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն։
19Բայց դուն, ո՛վ Տէր, մի՛ հեռանար ինծմէ.
Ո՛վ իմ զօրութիւնս, շուտով ինծի օգնութեան հասիր.
20Իմ անձս սուրէն ազատէ
Ու #22:20 Եբր., միամօրսկեանքս՝ շանը ձեռքէն։
21Փրկէ՛ զիս առիւծին բերնէն
Ու վշտացած հոգիս՝ #22:21 Կամ, վայրի ցուլերունմիեղջերուներուն եղջիւրներէն։
ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
22Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ,
Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ։
23Ո՛վ Տէրոջմէ վախցողներ, գովեցէ՛ք զանիկա.
Ո՛վ Յակոբի զաւակներ, փառաւորեցէ՛ք զանիկա,
Վախցէ՛ք անկէ, Իսրայէլի՛ զաւակներ։
24Վասն զի չանարգեց ու չքամահարեց տառապեալին տառապանքը
Ու երեսը անկէ չդարձուց.
Հապա իրեն կանչած ատենս լսեց։
25Քեզմով պիտի ըլլայ իմ գովութիւնս մեծ ժողովին մէջ.
Իմ ուխտերս անկէ վախցողներուն առջեւ պիտի կատարեմ։
26Տնանկները պիտի ուտեն ու կշտանան.
Տէրը պիտի գովեն զանիկա փնտռողները։
Ձեր սիրտը յաւիտեան պիտի ապրի։
27Պիտի յիշեն ու Տէրոջը դառնան երկրի ամէն ծայրերէն։
Ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն ազգերուն տոհմերը։
28Վասն զի թագաւորութիւնը Տէրոջն է
Ու ան կը տիրէ ազգերուն վրայ։
29Երկրի բոլոր հպարտները երկրպագութիւն պիտի ընեն.
Ամէն հողը իջնող ծունկ պիտի կրկնէ անոր առջեւ
Ու ան ալ, որ իր անձը չի կրնար ապրեցնել։
30Զաւակը պիտի ծառայէ անոր։
Տէրոջը վրայով պիտի պատմուի յաջորդ սերունդին մէջ,
31Անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն
Այն ժողովուրդին, որ պիտի ծնանի։
Թէ այս բանը ա՛ն կատարեց։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 22: WARMB
Ընդգծել
Կիսվել
Պատճենել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.