ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2

2
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ
1Արդ՝ եթէ Քրիստոսով մխիթարութիւն մը կայ, եթէ սիրոյ սփոփանք մը, եթէ Հոգիի հաղորդութիւն մը, եթէ գթութիւն ու ողորմութիւն մը, 2Իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, մէ՛կ մտածում։ 3Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. 4Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ։ 5Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. 6Որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, #2:6 Կամ, յափշտակելու բանյափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. 7Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը 8Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։ 9Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. 10Որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ 11Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար։
ԼՈՅՍԻ ՊԷՍ ՓԱՅԼԻԼ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ
12Ուստի, իմ սիրելիներս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք. 13Վասն զի Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար։ 14Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք. 15Որպէս զի ըլլաք անբիծ ու անարատ, Աստուծոյ որդիներ առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ, որոնց մէջ դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ, 16Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէս զի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած։ 17Թէպէտեւ ձեր հաւատքին իբր պատարագ ու զոհ ընծայուիմ, կ’ուրախանամ եւ ձեր ամենուն ուրախակից կ’ըլլամ. 18Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք ու ինծի ուրախակից եղէ՛ք։
ՏԻՄՈԹԷՈՍ ԵՒ ԵՊԱՓՐՈԴԻՏՈՍ
19Արդ՝ կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի պիտի ղրկեմ, որպէս զի սիրտս ալ հանգչի, երբ ձեր վիճակը գիտնամ։ 20Վասն զի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ 21Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։ 22Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց։ 23Ուստի մտադիր եմ զինք ձեզի ղրկել՝ որքան շուտ որ վիճակս յայտնի ըլլայ։ 24Բայց վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով որ ես ալ քիչ ատենէն պիտի գամ։ 25Բայց հարկաւոր սեպեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոս իմ եղբայրս եւ գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իմ պէտքերուս ծառայելու։ 26Որովհետեւ ինք ալ շատ կարօտցած էր ձեզ ամէնքդ [տեսնելու] ու կը ցաւէր, որ դուք լսած էիք թէ ինք հիւանդացած է։ 27Արդարեւ, ինք մահամերձ հիւանդացաւ, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէս զի տրտմութեան վրայ տրտմութիւն չունենամ։ 28Ասոր համար աւելի փութով ղրկեցի, որպէս զի դուք զանիկա տեսնելով նորէն ուրախանաք ու ես չտրտմիմ։ 29Ուրեմն ուրախութեամբ ընդունեցէք զանիկա Տէրոջմով ու այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք. 30Քանզի Քրիստոսին գործին համար մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն։

Արդեն Ընտրված.

ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք