ՓԻԼԻՄՈՆ 1

1
1Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին կապեալը եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Փիլիմոնին՝ մեր սիրելիին ու գործակցին 2Եւ Ապփիա սիրելիին, Արքիպպոս մեր զինուորակցին ու քու տանդ մէջի եկեղեցիին, 3Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ՓԻԼԻՄՈՆԻՆ ՍԷՐՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ
4Կը գոհանամ միշտ իմ Աստուծմէս՝ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով, 5Երբ կը լսեմ քու սէրդ ու հաւատքդ՝ որ ունիս Տէր Յիսուսին եւ բոլոր սուրբերուն վրայ, 6Որպէս զի քու հաւատքիդ հաղորդակցութիւնը պտղաբեր ըլլայ՝ Քրիստոս Յիսուսով #1:6 Ոմանք, մերձեր մէջ եղած բոլոր գործերը ճանչնալով։ 7Քանզի շատ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունեցայ քու սիրոյդ համար, որով սուրբերուն սրտերը քեզմով հանգստացած են, եղբա՛յր։
ԽՆԴՐԱՆՔ ՈՆԵՍԻՄՈՍԻՆ ՀԱՄԱՐ
8Ասոր համար թէեւ համարձակութիւն ունիմ Քրիստոսով վայելուչ եղածը քեզի հրամայելու, 9Բայց յաւէտ սիրով կ’աղաչեմ, այնպիսի մէկը ըլլալով՝ ինչպէս եմ ես՝ Պօղոսս ծերացած ու հիմա Յիսուս Քրիստոսին համար կապուած ալ։ 10Կ’աղաչեմ քեզի իմ որդիիս Ոնեսիմոսին համար, որ իմ կապանքներուս մէջ ծնայ, 11Որ ատեն մը անպիտան էր քեզի, բայց հիմա քեզի ալ, ինծի ալ պիտանի է. 12Զանիկա քեզի ղրկեցի. դուն ալ ընդունէ զայն, որ է իմ աղիքս. 13Կ’ուզէի իմ քովս պահել, որպէս զի քու տեղդ ինծի սպասաւորութիւն ընէ աւետարանին կապանքներուն մէջ, 14Բայց առանց քու կամքիդ չուզեցի բան մը ընել, որպէս զի քու բարերարութիւնդ իբր թէ ստիպմամբ եղած չըլլայ, հապա՝ կամաւ։ 15Թերեւս այս պատճառաւ անիկա քիչ մը ատեն զատուեցաւ, որպէս զի զանիկա յաւիտեան ունենաս, 16Ո՛չ թէ ծառայի մը պէս, հապա ծառայէ վեր, սիրելի եղբօր պէս եւ եթէ ինծի այսպէս սիրելի է, որչա՜փ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմնի կողմանէ ու թէ՛ Տէրոջը։ 17Ու եթէ զիս քեզի հաղորդակից կը սեպես, ընդունէ զանիկա՝ իմ տեղս։ 18Եւ եթէ քեզի անիրաւութիւն մը ըրած է կամ պարտք մը ունի՝ զայն իմ հաշիւիս անցուր։ 19Ես՝ Պօղոսս՝ իմ ձեռքովս գրեցի։ Ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դուն ալ քու անձդ ինծի պարտական ես։ 20Այո՛, եղբա՛յր, թող քեզմէ ունենամ այս օգուտը Տէրոջմով. հանգչեցուր իմ աղիքս #1:20 Ոմանք, ՔրիստոսովՏէրոջմով։ 21Քու հնազանդութեանդ վստահելով գրեցի քեզի, քանզի գիտեմ որ ըսածէս աւելին պիտի ընես։
ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ
22Ասկէ զատ ինծի բնակարան մըն ալ պատրաստէ, վասն զի կը յուսամ թէ Աստուած ձեր աղօթքներուն պատասխանելով զիս ձեզի պիտի ղրկէ։ 23Բարեւ կ’ընէ քեզի Եպափրասը՝ իմ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով։ 24Նաեւ Մարկոսը, Արիստարքոսը, Դեմասը, Ղուկասը, իմ գործակիցներս։ 25Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։

Արդեն Ընտրված.

ՓԻԼԻՄՈՆ 1: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք