ԵՐԿՐՈՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 2

2
ՉԱՐԵՐԸ
1Կ’աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալուստին ու մեր անոր քով հաւաքուելուն համար, 2Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն ու չըլլայ որ խռովիք՝ ո՛չ հոգիով ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է։ 3Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին, 4Այն հակառակորդը հպարտացած ամենուն վրայ, որ աստուած պիտի կոչուի կամ պաշտուի, մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ #2:4 Ոմանք, Աստուծոյ պէս պիտիպիտի նստի եւ ինքզինք ցուցնէ իբր աստուած։ 5Չէ՞ք յիշեր թէ երբ ձեր քով էի, այս բաները կ’ըսէի ձեզի։ 6Եւ հիմա դուք ինքնիրեննիդ գիտէք ի՛նչ բան կ’արգիլէ, որպէս զի ինք իր ատենին յայտնուի։ 7Վասն զի անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը գործէ. բայց ան որ հիմա կ’արգիլէ, պիտի արգիլէ՝ մինչեւ ինք մէջտեղէն վերնայ։ 8Ու ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։ 9Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով 10Եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան. 11Որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրենութեան յօժարեցան։
ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԷՔ
12Բայց մենք պէտք է միշտ Աստուծմէ գոհանանք ձեզի համար, Տէրոջմէ սիրուած եղբայրներ, վասն զի Աստուած սկիզբէն ձեզ ընտրեց փրկուելու՝ Հոգիին սրբելովը ու ճշմարտութեան հաւատքովը. 13Որուն ձեզ կանչեց մեր աւետարանելովը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին փառքը ստանալու համար։
14Ուստի, եղբայրնե՛ր, հաստատ կեցէք ու պի՛նդ բռնեցէք այն աւանդութիւնները որոնք սորվեցաք թէ՛ խօսքով ու թէ՛ մեր թուղթովը։ 15Եւ ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, 16Ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ։

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք