ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2

2
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
1Արդ՝ կ’աղաչեմ ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրել, աղաչել, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց համար, 2Մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար, որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով։ 3Վասն զի այն է աղէկը ու ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ։ 4Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան։ 5Քանզի մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, 6Որ իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ՝ իր ատենին վկայութիւն ըլլալու, 7Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարիտ կ’ըսեմ #2:7 Ոմանք չունինՔրիստոսով եւ սուտ չեմ խօսիր,) հեթանոսներուն վարդապետ եղայ հաւատքով ու ճշմարտութիւնով։ 8Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։ 9Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, 10Հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն։ 11Կինը թող սորվի լռութեամբ՝ ամենայն հնազանդութիւնով։ 12Բայց կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու։ 13Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ ու ետքը՝ Եւան։ 14Եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց. 15Սակայն պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ պարկեշտութիւնով կենան հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ։

Արդեն Ընտրված.

ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք