1
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13
Western Armenian Bible 1853
Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:13
2
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:2
Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:2
3
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:23
Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:23
4
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:12
Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:12
5
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:16-17
Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։ Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:16-17
6
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:14
Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:14
7
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:1
Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:1
8
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:15
Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:15
9
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:5
Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է.
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:5
10
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:3
Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:3
11
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:8
Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:8
12
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:9-10
Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:9-10
13
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:19
Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:19
14
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:20
Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:20
15
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:18
Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:18
Գլխավոր
Աստվածաշունչ
Ծրագրեր
Տեսանյութեր