1
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:6-7
Western Armenian Bible 1853
Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, Արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:6-7
2
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:8
Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:8
3
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:13-14
Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի։ Ու հրամաններով հաստատուած պարտամուրհակը, որ մեզի հակառակ էր, ջնջեց, մէջտեղէն վերցուց ու խաչափայտին վրայ գամեց.
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:13-14
4
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:9-10
Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։ Եւ դուք ալ անով լեցուած էք, որ գլուխն է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:9-10
5
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:16-17
Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով, Որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է։
Ուսումնասիրեք ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:16-17
Գլխավոր
Աստվածաշունչ
Ծրագրեր
Տեսանյութեր