ԾՆՆԴՈՑ 16
16
ՀԱԳԱՐ ԵՒ ԻՍՄԱՅԷԼ
1Աբրամին կինը Սարա չէր ծնաներ անոր ու Եգիպտացի աղախին մը ունէր, որուն անունը Հագար էր։ 2Սարա ըսաւ Աբրամին. «Ահա հիմա Տէրը արգիլեց զիս ծնանելէ. ուրեմն աղախինիս մտիր, գուցէ անկէ զաւակ ստանամ»։ Աբրամ Սարային խօսքը մտիկ ըրաւ։ 3Աբրամին կինը Սարա իր Եգիպտացի աղախինը՝ Հագարը առաւ, Աբրամի Քանանի երկրին մէջ տասը տարի բնակելէն ետքը եւ զանիկա իր էրկանը Աբրամին տուաւ՝ անոր կին ըլլալու։ 4Ան ալ մտաւ Հագարին, որը յղացաւ բայց երբ իր յղի ըլլալը իմացաւ, իր տիկինը անարգեց։ 5Սարա ըսաւ Աբրամին. «Ինծի եղած անիրաւութիւնը քու վրադ ըլլայ. ես իմ աղախինս գիրկդ տուի ու երբ անիկա իմացաւ իր յղի ըլլալը, զիս անարգեց. Տէրը իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ»։ 6Աբրամ ըսաւ Սարային. «Ահա աղախինդ քու ձեռքդ է, քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածին պէս ըրէ անոր»։ Երբ Սարա նեղեց զանիկա, Հագար անոր երեսէն փախաւ։ 7Եւ Տէրոջը հրեշտակը գտաւ զանիկա անապատին մէջ ջուրի աղբիւրի մը քով 8Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Սարային աղախինը Հագար, ուրկէ՞ կու գաս եւ ո՞ւր կ’երթաս»։ Անիկա ըսաւ. «Իմ տիկնոջս Սարային երեսէն կը փախչիմ»։ 9Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Դարձիր քու տիկնոջդ ու անոր ձեռքին տակ հնազանդ եղիր»։ 10Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու սերունդդ խիստ պիտի շատցնեմ, այնպէս որ շատութենէն պիտի չհամրուի»։ 11Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ահա դուն յղի ես, ու որդի պիտի ծնանիս, անոր անունը #16:11 Այսինքն, Աստուած պիտի լսէԻսմայէլ դիր. քանզի Տէրը քու տառապանքդ տեսաւ։ 12Անիկա վայրենի մարդ մը պիտի ըլլայ։ Անոր ձեռքը ամենուն վրայ ու ամենուն ձեռքն ալ իր վրայ պիտի ըլլայ։ Անիկա իր բոլոր եղբայրներուն առջեւ պիտի բնակի»։ 13Եւ Հագար իրեն հետ խօսող Տէրոջը անունը կանչեց՝ ըսելով. «Դուն իմ տեսիլքիս մէջ երեւցած Աստուածն ես», քանզի ըսաւ. «Արդեօք #16:13 Եբր., կը տեսնե՞մո՞ղջ եմ՝ ՝ հոս՝ իմ տեսիլքէս ետքը»։ 14Անոր համար այն ջրհորին անունը #16:14 Այսինքն, տեսիլքիս կենդանի Աստուծոյն ջրհորըԼահայրոյի ջրհոր՝ ՝ դրաւ։ Ահա անիկա Կադէսի ու Բարադի մէջտեղն է։ 15Եւ Հագար որդի մը ծնաւ Աբրամին։ Աբրամ Հագարի իրեն ծնած որդիին անունը Իսմայէլ դրաւ։ 16Եւ Աբրամ ութսունըվեց տարեկան էր, եր Հագար Իսմայէլը ծնաւ Աբրամին։
Actualmente seleccionado:
ԾՆՆԴՈՑ 16: WARMB
Destacar
Compartir
Copiar
¿Quieres guardar tus resaltados en todos tus dispositivos? Regístrate o Inicia sesión
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.