ՂՈԻԿԱՍ 10
10
ՅԻՍՈՒՍ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԸԵՐԿՈՒՔԸ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՂՐԿԷ
1Այս բանէն ետքը Տէրը ուրիշ եօթանասունըերկուք ալ որոշեց եւ զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար։ 2Եւ ըսաւ անոնց. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին։ 3Գացէք. ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ գառներ գայլերու մէջ։ 4Ձեզի հետ քսակ մի՛ առնէք, ո՛չ ալ պարկ եւ ո՛չ կօշիկներ ու ճամբան մարդու բարեւ մի՛ տաք։ 5Եւ ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. #10.5 Յուն., Խաղաղութիւն‘Բարեւ այս տանը’։ 6Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ ձեզի պիտի դառնայ։ 7Այն տանը մէջ մնացէք ու անոնց քով կերէք ու խմեցէք, վասն զի մշակը իր վարձքին արժանի է։ Տունէ տուն մի՛ փոխուիք։ 8Ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ ընդունին, ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք. 9ու բժշկեցէք անոր մէջի հիւանդները եւ ըսէք անոնց. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։ 10Բայց ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ չընդունին, անոր հրապարակները ելլելով՝ ըսէք. 11‘Այն փոշին ալ որ ձեր քաղաքէն մեր ոտքերուն փակած է, ձեզի կը թօթուենք. միայն թէ այս գիտցէք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։ 12Ձեզի կ’ըսեմ թէ այն օրը Սոդոմին դատաստանը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ՝ քան թէ այն քաղաքին»։
ԱՆՀԱՒԱՏ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
(Մատթ. 11.20-24)
13 «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները որոնք ձեր մէջ եղան, շատունց քուրձով ու մոխիրի մէջ նստելով ապաշխարած պիտի ըլլային։ 14Բայց դատաստանին օրը Տիւրոսին ու Սիդոնին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, քան թէ՝ ձեզի։ 15Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։ 16Ան որ ձեզի մտիկ կ’ընէ, ինծի մտիկ կ’ընէ եւ ան որ ձեզ կը մերժէ, զիս կը մերժէ. եւ ան որ զիս կը մերժէ, զիս ղրկողը կը մերժէ»։
ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԸԵՐԿՈՒՔԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
17Եօթանասունըերկու աշակերտները դարձան ուրախութեամբ ու ըսին. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ 18Յիսուս ըսաւ անոնց. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։ 19Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։ 20Բայց դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։
ՅԻՍՈՒՍ Կ’ՈՒՐԱԽԱՆԱՅ
(Մատթ. 11.25-27, 13.16-17)
21Նոյն ժամուն Յիսուս Հոգիով ուրախացաւ ու ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։ 22Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։
23Աշակերտներուն դառնալով՝ առանձին ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն 24քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։
ԲԱՐԻ ՍԱՄԱՐԱՑԻԻՆ ԱՌԱԿԸ
25Ահա օրինական մը ելաւ ու զանիկա փորձելով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ 26Անիկա ալ ըսաւ անոր. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ 27Պատասխան տուաւ անիկա ու ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։ 28Ինք ըսաւ անոր. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։ 29Իսկ օրինականը, ուզելով ինքզինք արդարացնել, ըսաւ Յիսուսին. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է»։ 30Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին։ 31Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ 32Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ 33Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց։ 34Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ 35Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. ‘Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ’։ 36Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ 37Անիկա ըսաւ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։
ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՐԹԱՅԻՆ ՈՒ ՄԱՐԻԱՄԻՆ
38Երբ անոնք կ’երթային, ինք գիւղ մը մտաւ եւ կին մը, Մարթա անունով, զանիկա իր տունը ընդունեց։ 39Անիկա քոյր մը ունէր, որուն անունը Մարիամ էր, որ եկաւ Յիսուսին ոտքերուն քով նստաւ, անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէր։ 40Բայց Մարթա սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր։ Եկաւ անոր քով ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ»։ 41Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. 42բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 10: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017