ՂՈԻԿԱՍ 9
9
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՂՐԿԷ
(Մատթ. 10.5-15, Մարկ. 6.7-13)
1Իր տասներկու #9.1 Ոմանք, առաքեալներըաշակերտները իրեն կանչելով՝ անոնց զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ բոլոր դեւերուն վրայ եւ ախտերը բժշկելու։ 2Ու զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն ու հիւանդները բժշկեն։ 3Ըսաւ անոնց. «Ճամբու համար բան մի՛ առնէք, ո՛չ գաւազան եւ ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց եւ ո՛չ ստակ, ո՛չ ալ կրկին հանդերձ ունենաք։ 4Եւ որո՛ւ տուն որ մտնէք, հոն մնացէք ու անկէ ելէք։ 5Եթէ անոնք ձեզ չընդունին, երբ այն քաղաքէն ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին անգամ թօթուեցէք՝ իրենց դէմ վկայութիւն ըլլալու համար»։ 6Աշակերտները ելան ու գիւղէ գիւղ կը պտըտէին եւ ամէն տեղ աւետարանը կը քարոզէին ու բժշկութիւն կ’ընէին։
ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ՇՓՈԹՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 14.1-12, Մարկ. 6.14-29)
7Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսին գործերը լսելով՝ տարակուսանքի մէջ էր, որովհետեւ ոմանք ըսած էին 8թէ «Յովհաննէս յարութիւն առաւ մեռելներէն» եւ ոմանք՝ թէ «Եղիա յայտնուեցաւ» եւ ուրիշներ ալ՝ թէ «Առաջուան մարգարէներէն մէկը յարութիւն առաւ»։ 9Հերովդէս ըսաւ. «Յովհաննէսը ես գլխատեցի, հապա ասիկա ո՞վ պիտի ըլլայ, որուն մասին այսպիսի բաներ կը լսեմ»։ Ու կ’ուզէր որ տեսնէ զանիկա։
ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ
(Մատթ. 14.13-21, Մարկ. 6.30-44, Յովհ. 6.1-14)
10Առաքեալները դարձան ու պատմեցին անոր ինչ որ ըրին։ Յիսուս առաւ զանոնք, առանձին անապատ տեղ մը քաշուեցաւ քաղաքի մը քով՝ որուն անունը Բեթսայիդա էր։ 11Ժողովուրդը երբ իմացաւ՝ անոր ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կարօտ էին՝ կը բժշկէր։
12Իրիկունը, տասներկուքը եկան ու ըսին անոր. «Արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի շրջակայ գիւղերը ու ագարակները երթան իջեւանին ու կերակուր գտնեն, վասն զի հոս անապատի մէջ ենք»։ 13Ըսաւ անոնց. «Դուք անոնց ուտելիք տուէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Մենք հինգ նկանակէն ու երկու ձուկէն աւելի բան չունինք, եթէ չերթանք այդ բոլոր ժողովուրդին համար կերակուր չգնենք» 14(քանզի հինգ հազարի չափ այր մարդիկ կային)։ Ան ալ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ատոնք դաս դաս, յիսուն յիսուն, նստեցուցէք»։ 15Այնպէս ըրին ու ամէնքն ալ նստեցուցին։ 16Յիսուս հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ՝ դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց զանոնք ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն։ 17եւ կերան ու կշտացան ամէնքն ալ ու աւելցած կտորուանքները՝ տասներկու կողով՝ վերցուցին։
ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՍԻՆ
(Մատթ. 16.13-19, Մարկ. 8.27-29)
18Օր մը, երբ ինք առանձին աղօթք կ’ընէր, աշակերտներն ալ իրեն հետ էին, հարցուց անոնց. «Ժողովուրդը ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ»։ 19Անոնք ալ պատասխան տալով՝ ըսին. «Ոմանք ՝ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ առաջուան մարգարէներէն մէկը, որ յարութիւն առեր է»։ 20Ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ով կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ. «Աստուծոյ Քրիստոսը»։ 21Յիսուս խիստ կերպով պատուիրեց անոնց, որ այս բանը մարդո՛ւ չըսեն։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 16.20-28, Մարկ. 8.30—9.1)
22Ու ըսաւ. «Պէտք է Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ, ծերերէն ու քահանայապետներէն եւ դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։ 23Եւ ամենուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ 24Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։ 25Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ։ 26Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։ 27Բայց ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս կայնողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։
ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
(Մատթ. 17.1-8, Մարկ. 9.1-7)
28Այս խօսքերէն գրեթէ ութ օր ետքը՝ Պետրոսը ու Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը առնելով, լեռը ելաւ աղօթք ընելու։ 29Երբ ինք աղօթք կ’ընէր, իր երեսին տեսքը ուրիշ կերպ մը եղաւ եւ իր հագուստը ճերմակ ու փայլուն եղաւ։ 30Ահա երկու մարդիկ իրեն հետ կը խօսէին, որոնք Մովսէսն ու Եղիան էին, 31փառքով երեւցած եւ անոր այս կեանքէն ելլելուն վրայով կը խօսէին, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր։ 32Պետրոս եւ անոր հետ եղողները քունով ծանրացած էին, երբ արթնցան, տեսան անոր փառքը եւ այն երկու մարդիկը, որոնք անոր քով կեցեր էին։ 33Երբ անոնք զատուեցան Յիսուսին քովէն, Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի եւ մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային,» վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսէր։ 34Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ամպ մը եկաւ ու անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպին տակ մտած ատեննին վախցան։ 35Ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։ 36Երբ այն ձայնը լսեցին, Յիսուս մինակ մնաց։ Իրենք ալ լուռ կեցան եւ իրենց տեսածներէն այն օրերը մարդո՛ւ բան մը չպատմեցին։
ՅԻՍՈՒՍ ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 17.14-17, Մարկ. 9.13-26)
37Հետեւեալ օրը, երբ անոնք լեռնէն վար իջան, շատ ժողովուրդ անոր դէմը ելաւ։ 38Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, կ’աղաչեմ քեզի, նայէ իմ որդիիս, քանզի իմ մէկ հատիկս է. 39ոգի մը կը բռնէ զանիկա. տղաս ալ յանկարծ կը կանչուըռտէ եւ ոգին զանիկա ցնցելով կը փրփրցնէ ու հազիւ կը զատուի անկէ՝ ջարդուբուրդ ընելով զանիկա։ 40Քու աշակերտներուդ աղաչեցի որ հանեն զանիկա, բայց չկրցան»։ 41Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի հանբերեմ։ Հո՛ս բեր քու որդիդ»։ 42Երբ կը մօտենար, դեւը զանիկա գետինը զարկաւ ու սաստիկ ցնցեց։ 43Իսկ Յիսուս սաստեց պիղծ ոգիին եւ բժշկեց տղան ու զանիկա իր հօրը տուաւ։ 44Ամէնքը կը զարմանային Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն վրայ։
ՅԻՍՈՒՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 17.21-22, Մարկ. 9.29-31)
Քանի որ ամէնքը կը զարմանային Յիսուսի ըրած բոլոր գործերուն վրայ, անիկա ըսաւ իր աշակերտներուն. «Դուք այս խօսքերը մի՛ մոռնաք, վասն զի Որդի մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը»։ 45Բայց անոնք չէին իմանար այս խօսքը եւ անոնցմէ ծածկուած էր որպէս զի չհասկնան ու կը վախնային որ այն խօսքին համար իրեն հարցնեն։
Ո՞Վ Է ՄԵԾԸ
(Մատթ. 18.1-5, Մարկ. 9.32-36)
46Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ։ 47Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց 48եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ՛ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։
ՈՎ ՈՐ ՄԵԶԻ ԴԷՄ ՉԷ, ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է
(Մարկ. 9.37-39)
49Եւ խօսեցաւ Յովհաննէս ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր եւ զանիկա արգիլեցինք, վասն զի մեզի հետ չի պտըտիր»։ 50Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ արգիլէք, քանզի ան որ #9.50 Ոմանք, ձեզի հակառակ չէ, ձերմեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է»։
ՍԱՄԱՐԻԱԿԱՆ ԳԻՒՂ ՄԸ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄՈՒՏՔԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ
51Երբ իր աշխարհէն վերնալու օրերը մօտեցան, ինք ալ #9.51 Յուն., երեսը հաստատեցհաստատ որոշեց Երուսաղէմ երթալ։ 52Եւ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին, Սամարացիներուն մէկ գիւղը մտան որպէս զի իրեն համար պատրաստութիւն տեսնեն։ 53Բայց չընդունեցին զանիկա, վասն զի անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ շտկուած էր։ 54Երբ իր աշակերտները, Յակոբոս ու Յովհաննէս, իմացան, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք, ինչպէս Եղիան ալ ըրաւ»։ 55Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք դուք. 56#9.56 Ոմանք չունինվասն զի Որդին մարդոյ չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, հապա փրկելու»։ Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ
(Մատթ. 8.19-22)
57Երբ անոնք ճամբան կ’երթային, մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քու ետեւէդ գամ՝ ուր որ երթաս»։ 58Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։
59Ուրիշի մըն ալ ըսաւ. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ»։ 60Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները, բայց դուն գնա Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ»։
61Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ»։ 62Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 9: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017