ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 9
9
Սօղոսի դարձը
(Գրծ 22.6-16, 26.12-18)
1Մինչ այդ, Սօղոս կը շարունակէր սպառնալիք ու մահ թափել Տիրոջ աշակերտներուն վրայ։ Քահանայապետին քով երթալով, 2անկէ խնդրեց որ Դամասկոսի ժողովարաններուն ուղղուած նամակներ տայ, որպէսզի հոն եթէ Տիրոջ ճամբուն հետեւողներ գտնէ, այր թէ կին, ձերբակալէ եւ Երուսաղէմ բերէ։
3Գացած ատեն, մինչ Դամասկոսի կը մօտենար, յանկարծ երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջ։ 4Սօղոս գետին ինկաւ եւ լսեց ձայն մը, որ իրեն կ՚ըսէր.
–Սօղո՛ս, Սօղո՛ս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս։
– 5Ո՞վ ես, Տէ՛ր,– հարցուց ինք։
Ձայնը պատասխանեց.
–Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես։ 6Հիմա ոտքի՛ ել եւ քաղաք մտիր. հոն քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պիտի ընես։
7Սօղոսի ընկերացող մարդիկը անշշունջ կեցեր էին. միայն ձայնը կը լսէին, բայց ոեւէ մէկը չէին տեսներ։ 8Սօղոս երբ գետնէն բարձրացաւ, փորձեց իր շուրջը նայիլ, բայց ոեւէ բան չէր տեսներ։ Ուստի իր ձեռքէն բռնելով՝ Դամասկոս մտցուցին, 9ուր երեք օր կոյր վիճակի մէջ սպասեց, եւ այդ օրերուն ո՛չ կերաւ եւ ո՛չ խմեց։
10Դամասկոսի մէջ կար Տիրոջ հետեւորդ մը, որ Անանիա կը կոչուէր։ Ասիկա տեսիլք մը ունեցաւ, որուն մէջ Տէրը իրեն ըսաւ.
–Անանիա՛։
–Այո՛, Տէ՛ր,– պատասխանեց ան։
11Եւ Տէրը ըսաւ իրեն.
–Ոտքի՛ ել, գնա՛ Ուղիղ կոչուած փողոցը, Յուդայի տունը, եւ հարցուր Սօղոս անունով Տարսոնցիի մը մասին, որ այս պահուն աղօթքի կանգնած է։ 12Անիկա տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Անանիա անունով մէկը, որ ներս մտնելով՝ ձեռքերը դրաւ իր գլխուն, որպէսզի ինք վերստին տեսնէ։
– 13Տէ՛ր,– պատասխանեց Անանիա,– շատերէն լսեցի այդ մարդուն մասին եւ Երուսաղէմի մէջ քու հաւատացեալ ժողովուրդիդ դէմ անոր գործած բազմաթիւ չարիքներուն մասին։ 14Եւ այստեղ եկած է աւագ քահանաներուն կողմէ լիազօրուած, ձերբակալելու համար բոլոր անոնք՝ որոնք քեզ կը պաշտեն։
15Տէրը ըսաւ անոր.
–Դուն գնա՛, որովհետեւ ես զայն իբրեւ գործիք ընտրեր եմ, որպէսզի իմ անունս ճանչցնէ հեթանոսներուն, թագաւորներու եւ Իսրայէլի զաւակներուն։ 16Ես ինքս իրեն ցոյց պիտի տամ, թէ ո՛րքան չարչարանք պիտի կրէ իմ անունիս համար։
17Անանիա գնաց, մտաւ տունը եւ ձեռքերը դնելով, Սօղոսի գլխուն ըսաւ.
–Սօղո՛ս եղբայր, զիս Տէրը ղրկեց. այն Յիսուսը՝ որ եկած ճամբուդ վրայ քեզի երեւցաւ։ Զիս ղրկեց՝ որպէսզի տեսնես եւ Սուրբ Հոգիով լեցուիս։
18Անմիջպաէս Սօղոսի պչքերէն կպրծես կեղեւանքներ ինկան, եւ սկսաւ տեսնել։ Ելաւ մկրտուեցաւ, 19եւ ապա կերակուր ուտելով՝ զօրացաւ։
Քարոզութիւն Դամասկոսի մէջ եւ փախուստ
Սօղոս քանի մը օր մնաց Դամասկոսի հաւատացեալներուն հետ։ 20Անմիջապէս ժողովարանները երթալով Յիսուսը կը քարոզէր, ըսելով.
–Աստուծոյ Որդին է ան։
21Լսողները բոլորն ալ զարմացած՝ կ՚ըսէին.
–Ասիկա այն մարդը չէ՞ր, որ Երուսաղէմի մէջ կատաղօրէն կը հալածէր անոնք՝ որոնք Յիսուսը կը պաշտէին։ Եւ նոյն նպատակով չէ՞ր որ եկաւ հոս, որպէսզի զանոնք ձերբակալելով աւագ քահանաներուն տանի։
22Իսկ Սօղոս հետզհետէ աւելի զօրեղ ապացոյցներով կը շփոթեցնէր ու կը լռեցնէր Դամասկոս բնակող Հրեաները, զանոնք համոզելով՝ որ Յիսուսն է Օծեալ Փրկիչը։
23Ժամանակ մը ետք, Դամասկոսի Հրեաները որոշեցին Սօղոսը սպաննել։ 24Սակայն Սօղոս իմացաւ անոնց նենգութիւնը, թէ՝ գիշեր ու ցերեկ կը հսկէին քաղաքին դռներուն առջեւ, որպէսզի սպաննեն զինք։ 25Ուստի հաւատացեալները զինք գիշեր մը զամբիւղի մը մէջ դնելով պարիսպէն վար իջեցուցին։
Սօղոս Երուսաղէմի մէջ
26Սօղոս Երուսաղէմ եկաւ եւ կը ջանար հաւատացեալներուն հետ շփման մէջ մտնել. բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ, չհաւատալով թէ Քրիստոսի աշակերտ դարձած է։ 27Սակայն Բառնաբաս առաւ Սօղոսը, առաքեալներուն տարաւ եւ անոնց պատմեց՝ թէ ի՛նչպէս Սօղոս ճամբուն վրայ Տէրը տեսած եւ անոր հետ խօսած է, եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուսի անունով համարձակօրէն քարոզած է Դամասկոսի մէջ։ 28Անկէ ետք Սօղոս առաքեալներուն հետ կը մնար ու կը շրջէր Երուսաղէմի մէջ, եւ համարձակօրէն կը քարոզէր Տէր Յիսուսի անունով։ 29Կը խօսէր ու կը վիճէր յատկապէս յունախօս Հրեաներուն հետ, որոնք զինք սպաննելու ձեւ մը կը խորհէին։
30Հաւատացեալ եղբայրները երբ իմացան, Կեսարիա փախցուցին Սօղոսը, եւ հոնկէ ալ Տարսոն ղրկեցին։
31 Եկեղեցին ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի եւ Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն կը վայելէր եւ կը զօրանար։ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ հաւատացեալները կը բազմանային եւ Տիրոջ երկիւղովը կ՚ապրէին։
Պետրոս Լիդդայի մէջ կը բժշկէ Ենէասը
32Պետրոս բոլոր կողմերը իր կատարած շրջապտոյտի ընթացքին, իջաւ նաեւ Լիդդա բնակող հաւատացեալներուն մօտ։ 33Այնտեղ հանդիպեցաւ Ենէաս անունով մէկու մը, որ ութը տարիներէ ի վեր անկողին կը մնար անդամալոյծ վիճակով։ 34Պետրոս ըսաւ անոր.
–Ենէա՛ս, Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը բժշկէ քեզ. ե՛լ, եւ դուն ի՛նքդ շտկէ անկողինդ։
Եւ Ենէաս անմիջապէս ոտքի ելաւ։ 35Լիդդայի եւ Սարոնի բոլոր բնակիչները տեսան զայն եւ Տիրոջ հաւատացին։
Այծեմնիկի յարութիւնը
36Յոպպէի մէջ Յիսուսի հետեւորդ կին մը կար Տաբիթա անունով, որուն Հայերէն թարգմանութիւնն է՝ Այծեմնիկ։ Անիկա իր կեանքը կը լեցնէր բարի գործերով եւ աղքատներուն օգնելով։ 37Այնպէս պատահեցաւ, որ այդ օրերուն Այծեմնիկ հիւանդանայ եւ մեռնի։ Իր մարմինը լուացին եւ տան վերնայարկը դրին։
38Լիդդպ Յոաաէի մօտիկ է։ Երբ Յոպպէի հաւատացեալները լսեցին թէ Պետրոս Լիդդա կը գտնուի, երկու հոգի ղրկեցին անոր քով, որպէսզի աղաչեն՝ որ առանց դանդաղելու իրենց քով գայ։ 39Պետրոս ելաւ անոնց հետ եկաւ, եւ հազիւ հասած՝ զինք վերնատունը հանեցին։ Բոլոր այրիները Պետրոսի շուրջ բոլորուեցան. կու լային եւ ցոյց կու տային այն շապիկներն ու հագուստները, որ Այծեմնիկ իր ողջութեան իրենց համար կարեր էր։ 40Պետրոս զանոնք բոլորը դուրս հանեց, ծունկի եկաւ, աղօթեց, եւ ապա դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ.
–Տաբիթա՛, Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կ՚ըսեմ՝ ոտքի՛ ել։
Տաբիթա աչքերը բացաւ եւ Պետրոսը տեսնելով՝ շտկուեցաւ նստաւ։ 41Պետրոս օգնեց անոր որ ոտքի ելլէ. ապա կանչեց հաւատացեալներն ու այրիները եւ անոնց ցոյց տուաւ ողջնցած Այծեմնիկը։ 42Ամբողջ Յոպպէն լսեց այս մասին, եւ շատեր հաւատացին Տիրոջ։ 43Իսկ Պետրոս ժամանակ մը Յոպպէ մնաց, Սիմոն անունով կաշեգործի մը քով։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 9: WANTACoC
Highlight
Share
Copy

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019