ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 13
13
Բառնաբաս եւ Սօղոս առաքելութեան կը ղրկուին
1Անտիոքի եկեղեցիին մէջ մարգարէներ եւ ուսուցիչներ կային, ինչպէս՝ Բառնաբասը եւ Շմաւոնը, որ Նիկէր կը կոչուէր, Կիրենացի Ղուկիոսը եւ Մանայէնը, որ Հերովդէս չորրորդապետի սննդակիցն էր, եւ Սօղոսը։ 2Օրմը, երբ ասոնք Տիրոջ պաշտամունք կը մատուցանէին ծոմ վիճակով, Սուրբ Հոգին ըսաւ.
–Տրամադրեցէ՛ք Բառնաբասն ու Սօղոսը այն գործին՝ որուն կոչած եմ զիրենք։
3Այն ատեն ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով ձեռք դրին անոնց վրայ եւ ղրկեցին։
Քարոզութիւն Կիպրոսի մէջ
4Հետեւաբար, Բառնաբասն ու Սօղոսը Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ իջան Սելեւկիա, եւ հոնկէ դէպի Կիպրոս նաւեցին։ 5Սալամինա հասնելով, Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ։ Իրենց օգնական ունէին Յովհաննէս Մարկոսը։
6Ամբողջ կղզին շրջելով՝ հասան Պաֆոս։ Այնտեղ գտան կախարդութեամբ զբաղող Հրեայ սուտ մարգարէ մը, որուն անունն էր Բար–Յեսու։ 7Ասիկա յաճախ կ՚ըլլար փոխ–բդեշխին՝ Սերգիոս Պօղոսի հետ, որ իմաստուն մարդ մըն էր։ Սերգիոս կանչել տուաւ Բառնաբասն ու Սօղոսը եւ կ՚ուզէր Աստուծոյ խօսքը լսել։ 8Բայց կախարդը, որուն Յունարէնով Եղիմաս անունը կու տային, հակառակեցաւ անոնց եւ կ՚ուզէր փոխ–բդեշխը տարհամոզել, որ չհաւատայ։ 9Այն ատեն Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը ճանչցուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ աչքերը յառեց անոր 10եւ ըսաւ.
–Ո՛վ դուն՝ նենգ եւ խորամանկ, Սատանայի՛ որդի, արդարութեա՛ն թշնամի. Տիրոջ ուղիղ ճամբաները խեղաթիւրելէ պիտի չդադրի՞ս։ 11Ահա հիմա Տէրը պիտի հարուածէ քեզ. պիտի կուրնաս եւ ժամանակուան մը համար արեւուն երեսը պիտի չտեսնես։
Նոյն վայրկեանին Եղիմասի աչքերը մշուշուեցան ու խաւարեցան։ Կը խարխափէր եւ կը փնտռէր մէկը՝ որ իր ձեռքէն բռնելով առաջնորդէր զինք։ 12Փոխ–բդեշխը երբ տեսաւ պատահածը՝ հաւատաց, խորապէս տպաւորուած Տիրոջ ուսուցումէն։
Պօղոս եւ Բառնաբաս Պիսիդիայի Անտիոք քաղաքին մէջ
13Պօղոս եւ ընկերակիցները Պաֆոսէն նաւելով եկան Պամփիւլիայի Պերգէ քաղաքը. իսկ Յովհաննէս Մարկոս իրենցմէ բաժնուելով Երուսաղէմ վերադարձաւ։ 14Յետոյ Պերգէէն ելլելով՝ հասան Պիսիդիայի Անտիոք քաղաքը, եւ Շաբաթ օր ժողովարան երթալով նստան։ 15Օրէնքի եւ մարգարէներու ընթերցումէն ետք, ժողովրդապետները հրաւէր ղրկեցին իրենց, ըսելով.
–Եղբայրնե՛ր, եթէ մեր ժողովուրդին հաղորդելիք քաջալերական պատգամ մը ունիք՝ ըսէ՛ք։
16Պօղոս ոտքի ելաւ, ձեռքով նշան ըրաւ որպէսզի լռեն, եւ ըսաւ.
–Ո՜վ Իսրայէլացիներ եւ աստուածավախ մարդիկ, մտի՛կ ըրէք։ 17Այս ժողովուրդին՝ Իսրայէլի Աստուածը, ընտրեց մեր հայրերը, բարձրացուց մեր ժողովուրդը որ Եգիպտոսի մէջ որպէս պանդուխտ կ՚ապրէր, եւ իր մեծ զօրութեամբ զանոնք հոնկէ հանեց։ 18Շուրջ քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք։ 19Ապա Քանաան երկրի բնակիչ եօթը ազգերը պարտութեան մատնելով՝ անոնց երկիրը մեր ժողովուրդին տուաւ որպէս ժառանգութիւն։ 20Այս բոլորը եղան մօտաւորապէս չորս հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին։ Այնուհետեւ դատաւորներ տուաւ անոնց, մինչեւ Սամուէլ մարգարէի ժամանակը, 21երբ մեր ժողովուրդը թագաւոր ուզեց, եւ Աստուած թագաւոր կարգեց Սաւուղը, Կիսի որդին, որ Բենիամինի ցեղէն էր, քառասուն տարուան համար։ 22Սաւուղէն ետք անոնց վրայ թագաւոր կարգեց Դաւիթը, որուն մասին նաեւ վկայեց, ըսելով.
«Դաւիթը, Յեսսէի որդին,
սրտիս խօսող անձն է,
որ ամբողջութեամբ իմ կամքս պիտի կատարէ»։
23Անոր սերունդէն էր որ Աստուած Իսրայէլի տուաւ իր խոստացած Փրկիչը՝ Յիսուսը։ 24Բայց նախքան անոր հրապարակ գալը, Յովհաննէս Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին կը քարոզէր որ ապաշխարեն եւ մկրտուին։ 25Եւ իր պաշտօնը լրացնելու ժամանակ, Յովհաննէս ըսաւ. «Ո՞վ կը կարծէք զիս։ Ես ձեր սպասած անձը չեմ։ Ահա ինձմէ ետք կու գայ անիկա, որուն կօշիկները հանելու իսկ արժանի չեմ ես»։
26Եղբայրնե՛ր, Աբրահամեան տոհմի զաւակներ եւ ձեր մէջ գտնուող աստուածավախ մարդիկ. փրկութեան այս պատգամը Աստուած ձեզի ղրկեց։ 27Որովհետեւ Երուսաղէմի բնակիչները եւ իրենց իշխանները չճանչցան Յիսուսը, եւ զայն դատապարտելով՝ կատարած եղան խօսքը մարգարէներուն, որ ամէն Շաբաթ օր կը կարդային։ 28Եւ թէպէտ մահուան արժանի յանցանք մը չգտան անոր վրայ, սակայն Պիղատոսէն պահանջեցինոր սպաննուի։ 29Երբ անոր մասին բոլոր գրուածները կատարած եղան, զայն խաչէն իջեցուցին եւ գերեզման դրին։ 30Բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց, 31եւ Յիսուս բազմաթիւ օրեր երեւցաւ անոնց՝ որոնք իրեն հետ Գալիլեայէն Երուսաղէմ եկած էին, եւ որոնք հիմա իր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ։ 32Մենք ալ, ահա, ձեզի կ՚աւետենք, թէ Աստուած մեր հայրերուն տուած իր խոստումը 33կատարեց մեր օրերուն, որ անոնց որդիներն ենք։ Այդ խոստումը կատարեց՝ Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. «Իմ որդիս ես դուն, այսօր քեզ ծնայ»։ 34Նոյն այն իրողութիւնը, որ Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց եւ անիկա այլեւս բնաւ մահ պիտի չտեսնէ, խոստում մըն է՝ մեզի ուղղուած, որովհետեւ Աստուած այսպէս կ՚ըսէ. «Ձեզի պիտի տամ այն իսկական եւ սուրբ օրհնութիւնը, որ Դաւիթի խոստացայ», 35եւ ինչպէս ուրիշ սաղմոսի մը մէջ սաղմոսագիրը կ՚ըսէ. «Պիտի չթողուս որ քու ծառայիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ»։ 36Արդ, Դաւիթ իր սերունդին մէջ Աստուծոյ ծառայելէ ետք մեռաւ եւ իր հայրերուն քով թաղուեցաւ, եւ իր մարմինը փտեցաւ։ 37Բայց Աստուած յարուցանեց Յիսուսը, որուն մարմինը փտութիւն չտեսաւ։ 38Ուստի իմացէ՛ք, եղբայրներ, Յիսուսի միջոցաւ մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի ձեզի։ 39Ովոր անոր կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ իր բոլոր մեղքերէն, որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ։ 40Զգոյշ եղէք ուրեմն, որ ձեր վրայ չգայ այն՝ ինչ որ մարգարէները կ՚ըսեն.–
41 «Տեսէ՛ք, ո՛վ արհամարհողներ,
զարմացէք եւկորսուեցէք.
որովհետեւ ձեր օրերուն
այնպիսի գործ մը պիտիընեմ,
որուն պիտի չհաւատաք,
նոյնիսկ երբ մէկը պատմէ ձեզի»։
42Երբ Բառնաբաս ու Պօղոս ժողովարանէն դուրս ելան, մարդիկ կ՚աղաչէին որ միւս Շաբաթ օր եւս նոյն նիւթին մասին խօսին։ 43Ժողովուրդին ցրուելէն ետք, բազմաթիւ Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած բարեպաշտ օտարազգիներ հետեւեցան Պօղոսի եւ Բառնաբասի, որոնք անոնց հետ խօսեցան եւ համոզեցին զանոնք, որ շարունակեն Աստուծոյ շնորհքին մէջ մնալ։
Պօղոս եւ Բառնաբաս հեթանոսներու քարոզութեան կը սկսին
44Յաջորդ Շաբաթ օր, գրեթէ ամբողջ քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։ 45Երբ Հրեաներ ամբոխը տեսան՝ նախանձով լեցուեցան, եւ հայհոյալից արտայայտութիւններով կ՚ընդդիմախօսէին Պօղոսի խօսքերուն։ 46Ասոր վրայ, Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակօրէն յայտարարեցին.
–Պէտք էր նախ ձեզի քարոզէինք Աստուծոյ խօսքը. բայց քանի կը մերժէք զայն եւ դուք ձեզ յաւիտենական կեանքին արժանի չէք համարեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։ 47Որովհետեւ Տէրը ինք մեզի այսպէս պատուիրեց, ըսելով.–
«Քեզ ղրկեցի՝ որ լոյս ըլլաս հեթանոսներուն,
փրկութեան պատճառ ըլլաս
աշխարհի բոլոր կողմերուն»։
48Ասիկա լսելով՝ հեթանոսներ կ՚ուրախանային եւ Տիրոջ խօսքը կը փառաւորէին. եւ յաւիտենական կեանքի սահմանուածները հաւատքի կու գային։ 49Այսպիսով Տիրոջ խօսքը կը տարածուէր բոլոր գաւառներուն մէջ։ 50Բայց Հրեաներ գրգռեցին կարգ մը ազնուատոհմիկ, բարեպաշտ կիներ, ինչպէս նաեւ քաղաքին մեծամեծները, եւ Պօղոսի ու Բառնաբասի դէմ հալածանք հանելով՝ զանոնք իրենց սահմաններէն դուրս դրին։ 51Անոնք ալ իրենց ոտքի փոշին թօթափելով անոնց վրայ, եկան Իկոնիոն։ 52Իսկ Տիրոջ աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 13: WANTACoC
Highlight
Share
Copy

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019