YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8

8
ՇՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲՌՆՈՒԱԾ ԿԻՆԸ
1Յիսուս Ձիթենեաց լեռը գնաց։ 2Երբ առտուն նորէն տաճարը եկաւ, բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գար ու ինք նստեր կը սորվեցնէր անոնց։ 3Դպիրներն ու փարիսեցիները շնութեան մէջ բռնուած կին մը բերին անոր ու զանիկա մէջտեղը կայնեցնելով՝ 4Ըսին իրեն. «Վա՛րդապետ, այս կինը շնութեան մեղքը գործած ատենը բռնուեցաւ։ 5Մովսէս օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Հիմա դուն ի՞նչ կ’ըսես ատոր համար»։ 6Ասիկա կ’ըսէին՝ զանիկա փորձելով, որպէս զի անոր վրայ ամբաստանութիւն ընելու առիթ մը ունենան. բայց Յիսուս դէպի վար ծռելով՝ մատովը գետնին վրայ կը գրէր. 7Սակայն երբ ստիպեցին՝ հարցնելով իրեն, վեր նայեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ անմեղ եղողը՝ առաջին քարը անիկա թող ձգէ ատոր վրայ»։ 8Եւ նորէն ծռելով՝ գետնին վրայ կը գրէր։ 9Անոնք այս լսելով ու իրենց խղճմտանքէն յանդիմանուելով՝ մէկիկ մէկիկ դուրս ելան, ծերերէն սկսած մինչեւ յետինները։ Յիսուս մինակ մնաց ու կինը մէջտեղը կայնած։ 10Յիսուս վեր նայելով ու կնոջմէն զատ մէկը չտեսնելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կի՛ն, ո՞ւր են անոնք, որ քու վրայովդ ամբաստանութիւն կ’ընէին. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց»։ 11Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛ ու ասկէ յետոյ մեղք մի՛ գործեր»։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ
12Յիսուս նորէն խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։ 13Իսկ փարիսեցիները ըսին անոր. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։ 14Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ 15Դուք մարմնին նայելով դատաստան կ’ընէք։ Ես բնաւ մէկը չեմ դատեր, 16Թէեւ դատելու ալ ըլլամ, իմ դատաստանս ճշմարիտ է. վասն զի ես մինակ չեմ, հապա ես եւ Հայրը, որ զիս ղրկեց։ 17Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։ 18Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։ 19Այն ատեն ըսին անոր. «Ո՞ւր է քու Հայրդ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս. եթէ զիս ճանչնայիք իմ հայրս ալ պիտի ճանչնայիք»։
20Յիսուս այս խօսքերը խօսեցաւ գանձատունը՝ երբ տաճարին մէջ կը սորվեցնէր ու մէ՛կը չբռնեց զանիկա, վասն զի դեռ անոր ժամանակը հասած չէր։
ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ԵՐԹԱԼ ՀՈՆ, ՈՒՐ ԵՍ Կ’ԵՐԹԱՄ
21Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ես կ’երթամ ու զիս պիտի փնտռէք եւ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։ 22Ասոր վրայ Հրեաները կ’ըսէին. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։ 23Ըսաւ անոնց. Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ. 24Անոր համար ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք’, վասն զի եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։ 25Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ինչ որ սկիզբէն ձեզի ըսի։ 26Շատ բաներ ունիմ ձեզի համար խօսելու եւ դատելու. բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի»։ 27Անոնք չիմացան թէ Հօրը համար կը խօսէր իրենց։
28Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ. 29Եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։
ԱԶԱՏ ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐ
30Երբ ասոնք խօսեցաւ, շատ մարդիկ իրեն հաւատացին։ 31Այն ատեն Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք 32Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ 33Պատասխան տուին իրեն. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ «Ազատ պիտի ըլլաք’»։ 34Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’։ 35Եւ ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ։ 36Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք։ 37Գիտեմ թէ Աբրահամին սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ 38Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք»։ 39Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Մեր հայրը Աբրահամն է»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք։ 40Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ։ 41Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած, մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։ 42Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց։ 43Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար։ Անոր համար որ չէք կրնար իմ խօսքիս մտիկ ընել։ 44Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը։ 45Բայց որո՛վհետեւ ես ճշմարտութիւն կը խօսիմ, ինծի չէք հաւատար։ 46Ձեզմէ ո՞վ կրնայ զիս յանդիմանել մեղքի համար. իսկ եթէ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ ինծի չէք հաւատար։ 47Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԱԲՐԱՀԱՄ
48Պատասխան տուին Հրեաները ու ըսին անոր. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։ 49Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք։ 50Իսկ ես իմ փառքս չեմ փնտռեր։ Կայ մէկը, որ կը փնտռէ ու կը դատէ։ 51Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ’»։ 52Այն ատեն Հրեաները ըսին անոր. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։ 53Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես»։ 54Յիսուս պատասխան տուաւ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ #8:54 Ոմանք, ՁերՄեր Աստուածն է, 55Բայց զանիկա չէք ճանչնար, բայց ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ. մինչդեռ ես կը ճանչնամ զանիկա եւ անոր խօսքը կը պահեմ։ 56Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։ 57Իսկ Հրեաները ըսին անոր. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։ 58Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։ 59Այն ատեն քարեր վերցուցին որպէս զի անոր վրայ նետեն, բայց Յիսուս ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն եւ անոնց մէջէն անցնելով՝ տաճարէն դուրս ելաւ ու գնաց։

Currently Selected:

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in