YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 7

7
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
1Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը պտըտէր, քանզի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ պտըտիլ, վասն զի Հրեաները զինք սպաննել կ’ուզէին։
2Հրեաներուն տաղաւարահարաց տօնը մօտ էր, 3Ուստի իր եղբայրները ըսին իրեն. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա, որպէս զի քու աշակերտներդ ալ տեսնեն քու գործերդ որոնք կ’ընես. 4Վասն զի մէկը չկայ որ ծածկաբար բան մը ընէ եւ ինք յայտնի ըլլալ ուզէ. եթէ դուն այդ բաները կ’ընես, ինքզինքդ աշխարհի յայտնէ»։ 5Քանզի իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն։ 6Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ժամանակս դեռ հասած չէ, բայց ձեր ժամանակը միշտ պատրաստ է։ 7Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են։ 8Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։ 9Այս ըսելով անոնց՝ ինք Գալիլիա մնաց։
10Բայց երբ իր եղբայրները գացին, ետքը ինք ալ գնաց տօնին, ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆԻՆ
11Հրեաները տօնին ատենը կը փնտռէին զինք ու կ’ըսէին. «Ո՞ւր է անիկա»։ 12Եւ ժողովուրդին մէջ շատ շշնջիւն կար անոր վրայով։ Ոմանք կ’ըսէին թէ ‘Աղէկ մարդ է’. ուրիշներ կ’ըսէին. ‘Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ’։ 13Սակայն մէ՛կը անոր վրայով համարձակ չէր խօսեր Հրեաներուն վախէն։
14Երբ տօնը կէս եղաւ, Յիսուս տաճարը գնաց ու կը սորվեցնէր։ 15Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։ 16Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ 17Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ։ 18Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։ 19Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը ու ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը։ 20Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել»։ Պատասխան տուաւ ժողովուրդը ու ըսաւ. «Դեւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել»։ 21Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Գործ մը գործեցի ու ամէնքդ ալ զարմացեր էք։ 22Արդ՝ Մովսէս ձեզի թլփատութիւնը տուաւ, (որ ոչ թէ Մովսէսէն էր, հապա նախնիքներէն,) ու շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք։ 23Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէս զի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։ 24Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։
Ի՞ՆՔՆ Է ՄԵՍԻԱՆ
25Այն ատեն Երուսաղէմացիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ կը փնտռեն սպաննելու համար։ 26Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է։ 27Սակայն մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։ 28Եւ Յիսուս տաճարին մէջ աղաղակեց՝ սորվեցնելու ատեն. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ 29Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։ 30Ուստի կը մտածէին զինք բռնել, բայց մէ՛կն ալ իրեն ձեռք չզարկաւ, վասն զի իր ժամանակը դեռ հասած չէր։ 31Ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ’ըսէին. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ’ընէ»։
ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ ՂՐԿՈՒԵՑԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼՈՒ
32Փարիսեցիները լսեցին ժողովուրդին այս շշնջիւնը անոր վրայով։ Անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ ղրկեցին, որպէս զի զանիկա բռնեն։ 33Իսկ Յիսուս #7:33 Ոմանք, անոնց ըսաւըսաւ. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ 34Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։ 35Այն ատեն Հրեաները ըսին իրարու. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ #7:35 յուն., Յոյներունհեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ 36Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։
ԿԵՆԴԱՆԻ ՋՈՒՐԻ ԳԵՏԵՐ
37Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ 38Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։ 39Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին, վասն զի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր։
ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ
40Ժողովուրդէն շատ մարդիկ երբ այս խօսքը լսեցին՝ ըսին. «Իրաւցընէ ասիկա է մարգարէն»։ 41Ուրիշներ ըսին. «Ասիկա է Քրիստոսը». ուրիշներ ալ. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։ 42Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ»։ 43Ուստի ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն եղաւ անոր համար։ 44Անոնցմէ ոմանք ուզեցին բռնել զանիկա, բայց մէ՛կը անոր ձեռք չզարկաւ։
ՀՐԵԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
45Սպասաւորները նորէն գացին քահանայապետներուն եւ փարիսեցիներուն, որոնք հարցուցին. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։ 46Պատասխան տուին սպասաւորները. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ 47Այն ատեն փարիսեցիները հարցուցին անոնց եւ ըսին. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ 48Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. 49Բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։ 50Նիկոդէմոս ըսաւ անոնց, (որ գիշեր ատեն իրեն գացեր էր եւ անոնցմէ մէկն էր,) 51«Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։ 52Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարդ չելլեր»։ 53Եւ ամէն մէկը իր տունը գնաց։

Currently Selected:

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 7: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in