YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13

13
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՃԵՑՆԵԼ ԱՍՏՈՒԱԾ
1Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ։ 2Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու։ 3Մտքերնիդ ըլլան կապուածները, որպէս թէ անոնց հետ դուք ալ կապուած էք եւ չարչարուածները՝ որպէս թէ դուք ալ մարմնաւոր էք։ 4Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։ 5Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ». 6Այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։ 7Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք։ 8Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս։
9Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք, քանզի աղէկ է որ սիրտը շնորհքով հաստատուի ու ոչ թէ կերակուրներով, որոնցմէ օգուտ մը չունեցան անոնք որ այնպէս գացին։ 10Սեղան մը ունինք մենք, ուրկէ իրաւունք չունին ուտելու անոնք որ խորանին ծառայութիւն կ’ընեն։ 11Քանզի այն անասուններուն՝ որոնց արիւնը սուրբ տեղը կը տարուի մեղքի համար քահանայապետին ձեռքով՝ անոնց մարմինները բանակէն դուրս կ’այրուին. 12Ուստի Յիսուս ալ, իր արիւնովը ժողովուրդը սրբելու համար, դռնէն դուրս չարչարուեցաւ։ 13Ուրեմն եկէք իրեն ելլենք բանակէն դուրս, մեր վրայ առնելով անոր նախատինքը։ 14Վասն զի մենք հոս մնայուն քաղաք չունինք, հապա հանդերձեալը կը փնտռենք։ 15Ուստի անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։ 16Իսկ բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի։ 17Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ։ 18Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ։ 19Եւ մանաւանդ կ’աղաչեմ որ այս ընէք, որպէս զի աւելի շուտով ձեզի դառնամ։
ՓԱԿՄԱՆ ԱՂՕԹՔ
20Խաղաղութեան Աստուածը որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, որ յաւիտենական ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւն է, 21Ձեզ ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ իր կամքը ընելու եւ ձեր մէջ իր առջեւ հաճելի եղածը ընէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ
22Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբա՛յրներ, այս յորդորական խօսքիս համբերել, վասն զի համառօտաբար գրեցի ձեզի։ 23Գիտցէք թէ մեր եղբայրը Տիմոթէոս արձակուած է, որուն հետ, եթէ շուտով գայ, պիտի տեսնեմ ձեզ։ 24Բարեւ ըրէ՛ք ձեր բոլոր առաջնորդներուն ու բոլոր սուրբերուն. ձեզի բարեւ կ’ընեն անոնք որ Իտալիայէն են։ Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy