YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12

12
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ՀԱՅՐԸ
1Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու #12:1 Յուն., ամպովբազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ 2Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։
3Արդ՝ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։ 4Տակաւին արիւն թափելու չափ պատերազմելով հակառակ չկեցաք մեղքին։ 5Մոռցաք այն յորդորը որ ձեզի հետ կը խօսի որպէս թէ որդիներու հետ. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։ 6Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի» 7Եթէ խրատի համբերէք, Աստուած ձեզի հետ որպէս թէ որդիներու հետ պիտի վարուի. քանզի ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր։ 8Իսկ եթէ դուք առանց խրատի ըլլաք, որուն ամէնքը մասնակից եղան, ուրեմն խո՛րթ էք դուք ու ո՛չ թէ որդիներ։ 9Նաեւ մարմնաւոր հայրերէն, որ մեզ կը խրատեն, կը պատկառինք, որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք հոգիներուն Հօրը ու ապրինք։ 10Վասն զի անոնք քիչ օրեր մեզ կը խրատեն իրենց հաճոյ երեւցածին պէս, բայց Աստուած մեր օգտին համար՝ որպէս զի իր սրբութեանը հաղորդակցինք։ 11Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն։
ՅՈՐԴՈՐԱՆՔ ԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
12Ուստի թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք 13Եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ #12:13 Կամ, գլորիխոտորի, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի։ 14Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք ամենուն հետ եւ սրբութեան, առանց ասոր մէ՛կը պիտի չտեսնէ Տէրը։ 15Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն ետ մնայ. չըլլայ որ դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ ու անով շատեր պղծուին. 16Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց։ 17Քանզի գիտէք որ՝ թէպէտ ետքը ուզեց օրհնութիւնը ժառանգել, բայց մերժուեցաւ. վասն զի ապաշխարութեան առիթ չգտաւ հօրը քով, թէպէտեւ արցունքով խնդրեց զանիկա։
18Վասն զի դուք մօտեցած չէ՛ք շօշափելի լերանը, որ կրակով կը վառէր, ո՛չ ալ մէգին եւ խաւարին ու մրրիկին 19Եւ փողին հնչուելուն ու խօսքերուն ձայնին, որ լսողները աղաչեցին որ անգամ մըն ալ այն խօսքը չկրկնուի իրենց. 20Վասն զի չէին կրնար դիմանալ հրամանին. «Եթէ գազան մըն ալ լերանը դպչի՝ պիտի քարկոծուի#12:20 Ոմանք կ’աւելցնեն, կամ նետով զարնուի»։ 21Այնպէս ահաւոր էր այն երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը վախնամ ու կը դողամ»։ 22Բայց դուք Սիօն լերան մօտեցեր էք ու կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին եւ բիւրաւոր հրեշտակներուն 23Ու երկինքը գրուած անդրանիկներուն հանդիսաւոր ժողովին ու եկեղեցիին եւ Աստուծոյ՝ որ ամենուն Դատաւորն է ու արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասեր են 24Եւ Յիսուսին, որ նոր ուխտին միջնորդն է ու սրսկուելու արիւնին, որ Աբէլի արիւնէն աւելի աղէկ կը խօսի։
25Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մերժէք զանիկա որ ձեզի կը խօսի. վասն զի եթէ անոնք երկրի վրայ Աստուծոյ պատգամները տուողը մերժելով չազատեցան, որչա՜փ աւելի մենք՝ եթէ երկնքէն խօսողէն երես դարձնենք. 26Որուն ձայնը այն ատեն երկիրը շարժեց եւ հիմա խոստացեր է ու կ’ըսէ. «Նորէ՛ն պիտի շարժեմ, ո՛չ միայն երկիրը, հապա նաեւ երկինքը»։ 27Եւ այն Նորէն բառը կը ցուցնէ թէ շարժուած բաները պիտի շարժին ու փոխուին, որպէս զի անշարժ բաները հաստատուն մնան։ 28Ուստի անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ. 29Վասն զի մեր Աստուածը մաշող կրակ է։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy