YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 5

5
ԱՆԱՆԻԱ ԵՒ ՍԱՓԻՐԱ
1Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով՝ իր կնոջ Սափիրային հետ ստացուածք մը ծախեց, 2Անոր գինէն խորեց, մինչ կինն ալ գիտէր որ միայն մէկ մասը բերաւ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ 3Եւ Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս ու ագարակին գինէն խորես։ 4Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր ու ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր։ Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։ 5Եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ մեծ վախ ինկաւ ամենուն վրայ, որոնք ասիկա լսեցին։ 6Ու երիտասարդները ելան ու պատանքով փաթթեցին զանիկա եւ դուրս հանելով թաղեցին։ 7Երեք ժամու չափ անցաւ, երբ կինը չգիտնալով ինչ որ եղեր էր՝ ներս մտաւ։ 8Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, ագարակը ա՞յնչափ գնով ծախեցիք»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, այնչափ»։ 9Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու. ահա քու այրդ թաղողներուն ոտքերը դրանը քով են, քեզ ալ դուրս պիտի հանեն»։ 10Եւ իսկոյն կինը անոր ոտքերուն քով ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ երիտասարդները ներս մտնելով՝ զանիկա մեռած գտան ու հանեցին իր էրկանը քով թաղեցին։ 11Եւ մեծ վախ մը ինկաւ բոլոր եկեղեցիին վրայ ու ամենուն վրայ, որոնք այս բաները լսեցին։
ՀՐԱՇՔՆԵՐ ԵՒ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԳՈՐԾԵՐ
12Առաքեալներուն ձեռքով շատ նշաններ ու հրաշքներ կ’ըլլային ժողովուրդին մէջ եւ ամէնքը միաբանութեամբ Սողոմոնին Սրահին մէջ էին։ 13Ոեւէ մէկը չէր համարձակեր անոնց յարիլ, թէեւ ժողովուրդը կը մեծարէր զանոնք։ 14Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ, 15Այնպէս որ հիւանդները հրապարակները կը հանէին եւ պատգարակներով ու մահիճներով կը դնէին, որպէս զի Պետրոսին անցնելու ատենը՝ գոնէ անոր շուքը անոնց մէկուն վրայ իյնայ։ 16Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը ժողվուէր, հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ նեղութիւն կրողներ բերելով, որոնք ամէնքն ալ կը բժշկուէին։
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՀԱԼԱԾՈՒԵՑԱՆ
17Ոտքի ելաւ քահանայապետը եւ բոլոր իրեն հետ եղողները, որոնք Սադուկեցիներու աղանդէն էին, նախանձով լեցուած, 18Ու առաքեալները ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դրին զանոնք։ 19Բայց Տէրոջը հրեշտակը գիշերով բանտին դռները բացաւ ու դուրս հանելով զանոնք՝ ըսաւ. 20«Գացէ՛ք եւ տաճարին մէջ կայնելով ժողովուրդին յայտնեցէք այս կենաց պատգամը» 21Ու երբ զայս լսեցին, տաճարը մտան առտուն եւ կը սորվեցնէին. իսկ քահանայապետը եկաւ ու իրեն հետ եղողները ու մէկտեղ կանչեցին ժողովը ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերակոյտը ժողով գումարեցին եւ մարդ ղրկեցին բանտը, որպէս զի զանոնք բերեն։ 22Երբ սպասաւորները գացին, զանոնք բանտին մէջ չգտնելով՝ ետ դարձան, պատմեցին 23Եւ ըսին թէ «Բանտը ամէն զգուշութիւնով գոցուած գտանք ու պահապանները դռներուն առջեւ կայնած, բայց բանալով՝ ներսը մարդ չգտանք»։ 24Երբ մեծ քահանան եւ տաճարին իշխանը ու քահանայապետները լսեցին այս խօսքերը, կը զարմանային պատահածին վրայ։ 25Նոյն ատեն մէկը եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա այն մարդիկը որոնք բանտը դրած էիք, տաճարը կայներ են եւ ժողովուրդին կը սորվեցնեն»։ 26Այն ատեն իշխանը սպասաւորներովը մէկտեղ գնաց զանոնք բերաւ առանց բռնութեան, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային, որ չքարկոծուին, 27Ու զանոնք ատեանը կայնեցուցին։ Քահանայապետը անոնց հարցուց՝ 28Ըսելով «Չէ՞ որ սաստիկ պատուիրեցինք ձեզի, որ այս անունով չսորվեցնէք. բայց դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք եւ այն մարդուն արիւնը կ’ուզէք մեր վրայ բերել»։
29Պատասխան տուին Պետրոսն ու միւս առաքեալները ու ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց։ 30Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, Ան որ դուք փայտէն կախելով սպաննեցիք։ 31Աստուած իր աջ ձեռքով զանիկա Առաջնորդ ու Փրկիչ ըլլալու բարձրացուց, Իսրայէլի ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն տալու։ 32Մենք այս բաներուն համար անոր վկաներն ենք ու Սուրբ Հոգին ալ՝ որ Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ»։ 33Եւ անոնք ասիկա լսելով խիստ կատղեցան ու կը խորհէին զանոնք մեռցնել։
34Ատեանին մէջ փարիսեցի մը ոտքի վրայ ելաւ, որուն անունը Գամաղիէլ էր, օրինաց վարդապետ մը, բոլոր ժողովուրդին առջեւ պատուաւոր մէկը ու հրաման ըրաւ, որ առաքեալները քիչ մը դուրս հանեն. 35Ապա ըսաւ. «Ո՜վ Իսրայէլացի մարդիկ, զգուշացէ՛ք այս մարդոց հանդէպ ձեր ընելիքէն, 36Քանզի ասկէ առաջ Թեւդաս ելաւ, իրեն համար ըսելով թէ երեւելի մէկն է ու թուով չորս հարիւրի չափ մարդիկ իրեն յարեցան. ինք սպաննուեցաւ եւ այն ամէնքը որ իրեն հնազանդեր էին, ցրուեցան ու ոչինչ եղան։ 37Անոր ետեւէն Յուդա Գալիլիացին ելաւ աշխարհագիր եղած օրերը եւ շատ ժողովուրդ իր կողմը քաշեց, բայց ինքն ալ կորսուեցաւ եւ այն ամէնքը, որոնք իրեն հնազանդեր էին՝ ցիրուցան եղան։ 38Հիմա ձեզի կ’ըսեմ, Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի, 39Իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել. չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»։ 40Անոնք հաւանութիւն տուին անոր ու առաքեալները կանչելով ծեծեցին եւ պատուիրելով որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք։ 41Անոնք ալ ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու։ 42Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in