YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 4

4
ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
1Երբ անոնք ժողովուրդին կը խօսէին, քահանաները ու տաճարին իշխանը եւ Սադուկեցիները անոնց վրայ հասան, 2Նեղուելով որ անոնք ժողովուրդին կը սորվեցնէին, Յիսուսին միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը կը քարոզէին. 3Ձերբակալեցին եւ բանտ դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, վասն զի ալ իրիկուն էր։ 4Բայց այն խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին։ Անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ։
5Հետեւեալ օրը մէկտեղ հաւաքուեցան անոնց իշխանները եւ ծերերն ու դպիրները Երուսաղէմի մէջ, 6Նաեւ Աննա Քահանայապետն ու Կայիափան եւ Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ այն ամէնքը, որ քահանայապետի ցեղէ էին։ 7Զանոնք մէջտեղը կայնեցուցած՝ կը հարցնէին. «Ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը»։ 8Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ ծերեր, 9Եթէ մենք այսօր տկար մարդու մը եղած բարիքին համար կը քննուինք, թէ ի՞նչ միջոցով անիկա բժշկուեցաւ, 10Յայտնի ըլլայ ձեզի ամենուդ ու բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է։ 11Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։ 12Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ 13Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին 14Այն բժշկուած մարդը տեսնելով, որ անոնց հետ կայներ էր, չէին կրնար անոնց դէմ բան մը խօսիլ։ 15Հրամայելով անոնց, որ ատեանէն դուրս ելլեն, իրարու հետ խորհուրդ ըրին 16Եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. վասն զի Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն յայտնի է թէ ասոնց ձեռքով երեւելի հրաշք մը եղաւ ու մենք չենք կրնար ուրանալ։ 17Միայն թէ ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուելու համար՝ սաստիկ սպառնալիք ընենք անոնց, որ այն անունով անգամ մըն ալ չըլլայ որ մարդու բան խօսին»։ 18Զանոնք կանչելով՝ պատուիրեցին անոնց որ ամենեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսին անունով։ 19Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ 20Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ 21Իսկ անոնք նորէն սպառնալիք ընելէ յետոյ՝ արձակեցին զանոնք, քանի որ պատճառ մը չգտան, որ պատժեն զանոնք եւ ժողովուրդին պատճառով, քանզի ամէնքն ալ Աստուած կը փառաւորէին եղած բանին համար։ 22Վասն զի այն մարդը քառասուն տարեկանէն աւելի էր, որուն վրայ այս բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ։
ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Կ’ԱՂՕԹԵՆ
23Եւ անկէ արձակուելով՝ իրենց խումբին քով գացին ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ ծերերը իրենց ըսած էին։ 24Անոնք ալ երբ լսեցին, միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր, 25Որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին. 26Երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։ 27Քանզի արդարեւ [այս քաղաքին մէջ] հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ, 28Ըրին ինչ որ քու ձեռքդ եւ խորհուրդդ սահմանեց առաջուընէ, որ ըլլայ։ 29Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք, 30Քու ձեռքդ երկնցնելով բժշկելու եւ քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին»։ 31Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։
ԱՄԷՆ ԲԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԷՐ
32Եւ հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էին։ Անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին։ 33Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը։ Անոնց ամենուն վրայ մեծ շնորհք կար։ 34Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասն զի անոնք որ ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին 35Ու առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր։ 36Եւ Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի Մխիթարութեան որդի,) Ղեւտացի, ծնունդով Կիպրացի, 37Ագարակ մը ունենալով, ծախեց ու ստակը բերաւ՝ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy