YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 1

1
1Պօղոս ու Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով։ 2Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ԴԱՏԱՍՏԱՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ
3Պարտինք ամէն ատեն Աստուծմէ գոհանալ ձեզի համար, եղբայրներ, ինչպէս կը վայլէ. քանզի ձեր հաւատքը շատ աճելու վրայ է եւ ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ. 4Այնպէս որ մենք ալ ձեզմով կը պարծենանք Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր համբերութեանը ու հաւատքին համար ձեր բոլոր հալածանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ որոնց կը համբերէք. 5Որ Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէս զի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը, որուն համար նեղութիւն ալ կը կրէք։ 6Քանզի Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը 7Եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, 8Բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր. 9Որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով եւ պիտի վտարուին Տէրոջը երեսէն ու անոր զօրութեանը փառքէն, 10Երբ ինք գայ փառաւորուիլ իր սուրբերուն մէջ եւ հիանալի ըլլալ բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (վասն զի մեր վկայութեան հաւատացիք) այն օրը։ 11Այս պատճառով ալ ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք կ’ընենք, որ մեր Աստուածը ձեզ արժանի ընէ ձեր կոչումին եւ մինչեւ լրացնէ ձեր բոլոր փափաքները եւ հաւատքին գործը՝ զօրութիւնով, 12Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը փառաւորուի ձեր մէջ եւ դուք ալ անոր մէջ՝ մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքին համեմատ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy