YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5

5
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԷՔ
1Բայց այն ժամերուն ու ժամանակներուն համար, եղբա՛յրներ, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի. 2Քանզի դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ 3Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին։ 4Բայց դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։ 5Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկուան որդիներ։ 6Մենք գիշերուանը չենք, խաւարինը չենք։ Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք։ 7Քանզի անոնք որ կը քնանան՝ գիշերը կը քնանան եւ անոնք որ կ’արբենան՝ գիշերը կ’արբենան։ 8Բայց մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք։ 9Վասն զի Աստուած մեզ բարկութեան համար չորոշեց, հապա փրկութիւն ստանալու համար մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, 10Որ մեզի համար մեռաւ, որպէս զի թէ՛ արթուն ըլլանք եւ թէ՛ քնանանք, իրեն հետ մէկտեղ ապրինք։ 11Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք։
ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐԸ ԵՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐԸ
12Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։ 13Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք։ 14Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։ 15Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէ մէկուն. հապա ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամենուն։ 16Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք։ 17Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ 18Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ։ 19Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք։ 20Մարգարէութիւնները մի՛ արհամարհէք։ 21Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք։ 22Ամէն տեսակ գէշ բաներէ ե՛տ կեցէք։ 23Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Աստուածը՝ ձեզ բոլորովին սուրբ ընէ ու ձեր բոլոր հոգին եւ շունչը ու մարմինը անարատ պահուի մինչեւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալու ատենը։ 24Հաւատարիմ է ան որ ձեզ կանչեց, որ պիտի կատարէ ալ։
25Եղբա՛յրներ, աղօթք ըրէք մեզի համար։ 26Բարեւ տուէ՛ք բոլոր եղբայրներուն սուրբ համբոյրով։ 27Կ’երդմնցնեմ ձեզ Տէրոջմով, որ այս թուղթը բոլոր սուրբ եղբայրներուն կարդաք։ 28Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy