YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 5

5
1Վասն զի գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրաւոր տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռագործ յաւիտենական տուն մը երկնքի մէջ։ 2Եւ յիրաւի ասոր մէջ կը հառաչենք՝ մեր երկնաւոր բնակութիւնը հագնիլ փափաքելով. 3Միայն թէ երբ զայն հագնելու ըլլանք, մերկ չգտնուինք։ 4Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ։ 5Աստուած մեզ այս բանին կը պատրաստէ, որ նաեւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւականը։ 6Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք. 7(Վասն զի հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով.) 8Ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք մարմնէն հեռանալ ու Տէրոջը քով կենալ։ 9Ասոր համար ջանանք որ թէ՛ կենանք եւ թէ՛ հեռանանք՝ անոր հաճոյ ըլլանք։ 10Վասն զի պէտք է որ ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ ներկայանանք, որպէս զի ամէն մէկը իր մարմնովը ըրածներուն փոխարէնը առնէ՝ ինչ որ գործեր է, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ
11Ուստի Տէրոջը վախը գիտնալով՝ մարդոց միտքը հաճեցնենք. սակայն մենք Աստուծոյ առջեւ յայտնի ենք եւ կը յուսամ թէ ձեր խղճմտանքին մէջ ալ յայտնի ենք։ 12Ոչ թէ նորէն անձերնիս ձեզի կ’ընծայենք. հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէս զի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ աչքի երեւցածով կը պարծենան ու ո՛չ թէ սրտով։ 13Վասն զի եթէ խենդեցած ենք՝ այն Աստուծոյ համար է եւ եթէ զգաստ ենք՝ այն ձեզի համար է, 14Վասն զի Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։ 15Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ 16Ուստի ասկէ յետոյ մենք մէկը մարմնով չենք ճանչնար, թէեւ Քրիստոսը մարմնով ճանչցանք, բայց հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար։ 17Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։ 18Սակայն ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը. 19Այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը։ 20Ուրեմն Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ։ 21Վասն զի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար #5:21 Յուն., մեղք ըրաւմեղաւոր սեպեց՝ ՝, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in