YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4

4
ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԱՆՁ ԿԱՒԷ ԱՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
1Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար. 2Հապա կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ։ 3Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է. 4Որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը։ 5Վասն զի ո՛չ թէ անձերնիս կը քարոզենք, հապա Քրիստոս Յիսուս Տէրը ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսին համար 6Վասն զի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։ 7Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ։ 8Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք 9Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք։ 10Ամէն ատեն Յիսուսին մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։ 11Վասն զի մենք որ կենդանի ենք՝ Յիսուսին համար մահուան կը մատնուինք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ յայտնի ըլլայ։ 12Ուստի մահը մեր մէջ կը ներգործէ եւ կեանքը՝ ձեր մէջ։ 13Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ»։ Մենք ալ կը հաւատանք ու անոր համար կը խօսինք։ 14Գիտենք թէ ան որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ մեզ ալ Յիսուսով պիտի յարուցանէ ու անոր առջեւ պիտի կայնեցնէ ձեզի հետ։ 15Վասն զի ամէն բան ձեզի համար է, որպէս զի շատերուն գոհութեամբ առատացած շնորհքը՝ աւելնայ Աստուծոյ փառքին համար։
ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՊՐԻԼ
16Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։ 17Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ, 18Ուստի մենք երեւցած բաներուն չնայինք, հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in