YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3

3
ՆՈՐ ՈՒԽՏԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ
1Սկսի՞նք նորէն ինքզինքնիս գովել. կամ թէ ոմանց պէս պէ՞տք է մեզի յանձնարարութեան թուղթեր ձեզի կամ ձեզմէ։ 2Բայց մեր թուղթը դուք էք մեր սրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած ամէն մարդէ. 3Յայտնի ըլլալով որ դուք Քրիստոսին թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ Հոգիովը, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։ 4Մենք վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ Քրիստոսին ձեռքով. 5Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է. 6Որ մեզ յարմարցուց նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու, ո՛չ թէ գրին, հապա հոգիին. վասն զի գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կ’ապրեցնէ։ 7Իսկ եթէ քարերու վրայ գրով փորուած մահուան օրէնքը այնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար Մովսէսին երեսին նայիլ՝ անոր երեսին պայծառութեան համար, որ պիտի խափանուէր. 8Ուրեմն հոգիին օրէնքը որքա՜ն աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ։ 9Վասն զի եթէ դատապարտութեան պաշտօնը փառաւոր էր՝ ո՜րչափ աւելի արդարութեան պաշտօնը փառաւոր պիտի ըլլայ։ 10Վասն զի այն որ փառաւոր էր՝ անփառունակ դարձաւ զինք գերազանցող փառքին պատճառաւ։ 11Քանզի եթէ այն որ պիտի խափանուէր՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի այն որ մնայուն է՝ փառաւոր պարտի ըլլալ։ 12Ուստի այսպիսի յոյս մը ունենալով, շատ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ 13Եւ ո՛չ թէ ինչպէս Մովսէս իր երեսին վրայ ծածկոց կը ձգէր, որպէս զի Իսրայէլի որդիները չնայէին այն խափանուելու բաներուն վախճանին։ 14Սակայն անոնց մտքերը կուրցան. վասն զի մինչեւ այսօր նոյն ծածկոցը ձգուած է հին կտակարանին վրայ ու չի վերնար, (վասն զի Քրիստոսով կը խափանուի,) 15Հապա մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսին գիրքը կը կարդան, անոնց սրտին վրայ ծածկոց մը կը կենայ։ 16Բայց երբ Տէրոջը դառնան, այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը։ 17Արդ՝ Տէրը Հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ։ 18Բայց մենք ամէնքս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին համաձայն կը նորոգուինք փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in