YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13

13
ՎԵՐՋԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐԸ
1Այս երրորդ անգամն է ձեզի կու գամ. երկու կամ երեք վկաներու բերնէ պիտի հաստատուի ամէն բան։ 2Նախապէս ըսեր եմ եւ նորէն կանխաւ կ’ըսեմ (որպէս թէ երկրորդ անգամ ներկայ կը գտնուիմ՝ թէեւ հիմա հեռուէն կը գրեմ) առաջուան մեղանչողներուն եւ բոլոր միւսներուն, որ եթէ նորէն գամ՝ պիտի չխնայեմ. 3Քանի որ Քրիստոսին ինծմով խօսելուն ապացոյցը կը փնտռէք։ Ան ձեր վրայ տկարացած չէ, հապա ձեր մէջ զօրացած է. 4Որ թէպէտ խաչուեցաւ տկարութիւնով, բայց կենդանի է Աստուծոյ զօրութիւնով. քանզի մենք ալ թէպէտ կը տկարանանք անով, բայց կենդանի պիտի ըլլանք անոր հետ Աստուծոյ զօրութիւնովը ձեր մէջ։ 5Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը. չէ՞ք գիտեր թէ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջն է, միայն եթէ անպիտան չըլլաք։ 6Բայց կը յուսամ որ պիտի գիտնաք թէ մենք խոտելի չենք։ 7Կը խնդրեմ Աստուծմէ որ դուք չարութիւն մը չընէք. ո՛չ թէ՝ որպէս զի մենք ընտիր երեւինք, հապա որպէս զի դուք բարին գործէք, թէեւ մենք անպիտան երեւնանք։ 8Վասն զի ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, հապա ճշմարտութեան համար։ 9Քանզի ուրախ ենք՝ երբ մենք կը տկարանանք ու դուք զօրաւոր կ’ըլլաք եւ մենք ալ այդ ձեր հաստատութեանը համար կ’աղօթենք։ 10Ուստի ասիկա կը գրեմ ձեզի հեռուէն, որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ սաստկութեամբ վարուիմ այն իշխանութեանը համեմատ, որ Տէրը ինծի տուաւ շինելու եւ ո՛չ թէ քակելու համար։
11Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք, հաստա՛տ կեցէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբան եղէք, խաղաղութիւն ըրէք եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։ 12Բարեւ տուէք իրարու սուրբ համբոյրով։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի բոլոր սուրբերը։ 13Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը եւ Աստուծոյ սէրը ու Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in