YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4

4
ՍՈՒՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ
1Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն, 2Ստախօսներուն կեղծաւորութիւնովը, որոնց խղճմտանքը խանձուած է. 3Որոնք ամուսնանալէ պիտի արգիլեն ու ետ պիտի պահեն այն կերակուրներէն՝ որոնք Աստուած ստեղծեր է որպէս զի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը ճանչցողները գոհութեամբ վայելեն։ 4Վանս զի Աստուծոյ ամէն ստեղծածը բարի է ու մերժելու բան մը չկայ, եթէ գոհութեամբ ընդունուի. 5Քանզի Աստուծոյ խօսքովը ու աղօթքով կը սրբուի։ 6Այս բաները եղբայրներուն յիշեցնելով՝ Յիսուս Քրիստոսին բարի պաշտօնեայ մը պիտի ըլլաս ու պիտի սնանիս հաւատքին խօսքերովը եւ այն բարի վարդապետութիւնովը՝ որուն հետեւեցար։ 7Բայց պիղծ ու պառաւական առասպելներէն ե՛տ կեցիր եւ քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր. 8Վասն զի մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի։ 9Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի։ 10Վասն զի բո՛ւն ասոր համար կ’աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն։ 11Այս բաները պատուիրէ՛ ու սորվեցո՛ւր։ 12Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, #4:12 Ոմանք, հոգիով, հաւատքովհաւատքով եւ մաքրութեամբ։ 13Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։ 14Անհոգ մի՛ ըլլար քու վրադ եղած պարգեւին վրայով, որ մարգարէութեամբ քեզի տրուեցաւ՝ երէցներուն ձեռքերը քու վրադ դրուելովը։ 15Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ։ 16Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in