YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3

3
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ
1Այս խօսքը հաւատարիմ է։ Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ, 2Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար, 3Ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, #3:3 Ոմանք, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող, հապահապա հանդարտ, ո՛չ կռուող, ո՛չ արծաթասէր, 4Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու. 5(Իսկ եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ.) 6Ոչ ալ նորահաւատ ըլլայ, որ չըլլայ թէ հպարտանալով Սատանային դատապարտութեանը մէջ իյնայ։ 7Հապա պէտք է եկեղեցիէն դուրս եղողներէն ալ բարի վկայութիւն բերէ, որ չըլլայ թէ նախատինքի մէջ ու Սատանային որոգայթին մէջ իյնայ։
ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ
8Նոյնպէս ալ սարկաւագները ըլլան ծանրաբարոյ, ո՛չ երկլեզու, ո՛չ գինեսէր, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող. 9Հապա հաւատքին խորհուրդը պահեն մաքուր խղճմտանքով։ 10Եւ ասոնք ալ առաջ թող փորձուին ու ետքը՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին, սարկաւագութեան պաշտօնը կատարեն։ 11Նոյնպէս ալ անոնց կիները ծանրաբարոյ ըլլան, ո՛չ չարախօս, հապա զգաստ, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ։ 12Սարկաւագները թող մէկ կնոջ այր ըլլան եւ իրենց զաւակներուն ու իրենց տանը աղէկ վերակացութիւն թող ընեն 13Քանզի անոնք որ սարկաւագութեան պաշտօնը աղէկ կը կատարեն, բարի աստիճան մը կը շահին ու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքին մէջ՝ շատ համարձակութիւն։
ՄԵԾ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
14Այս բաները կը գրեմ քեզի, թէեւ կը յուսամ մօտերս քեզի գալ, 15Որպէս զի եթէ ուշանամ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է Աստուծոյ տանը մէջ պտըտիս, որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը։ 16Յայտնապէս մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած մարմնով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհէն ընդունուեցաւ ու փառքով համբարձաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in