YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 3

3
1Ուրեմն Հրեան ի՞նչ առաւելութիւն ունի, կամ թլփատութենէն ի՞նչ շահ կայ։ 2Շատ՝ ամէն կերպով. ամենէն առաջ ան՝ որ Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան։ 3Եթէ անոնցմէ ոմանք չհաւատացին, միթէ՞ անոնց անհաւատութիւնը Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը խափանէ. քա՛ւ լիցի։ 4Սակայն Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս գրուած է. «Որպէս զի քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս եւ դատուելու ատենդ դուն յաղթես»։ 5Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնի կը ցուցնէ, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ իր բարկութիւնը մեր վրայ կը բերէ. 6(մարդկօրէն կ’ըսեմ). քա՛ւ լիցի. ապա թէ ոչ՝ ի՞նչպէս Աստուած պիտի դատէ աշխարհը։ 7Վասն զի եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը իմ ստութիւնովս կ’աւելնայ իր փառքին համար, ալ ես ինչո՞ւ մեղաւորի մը պէս դատուիմ։ 8Եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ ըսել, ինչպէս ոմանք մեր վրայ չարախօսութիւն ընելով՝ կ’ըսեն թէ մենք կ’ըսենք՝ «Չարը գործենք, որպէս զի բարին գայ»։ Ատոնք իրապէս դատապարտելի են։
ՈՉ ՄԷԿ ՄԱՐԴ ԱՐԴԱՐ Է
9Ուստի ալ ի՞նչ ըսենք։ Հրեաներս առաւելութիւն ունի՞նք հեթանոսներէն։ Երբեք. վասն զի առաջ մեղադրեցինք Հրեաները եւ հեթանոսները թէ բոլորը մեղքի տակ են։ 10Ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդար մը չկայ եւ ո՛չ մէկը», 11«Մէկը չկայ որ հասկնայ, մէկը չկայ որ Աստուած փնտռէ։ 12Բոլորը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. աղէկութիւն ընող մը չկայ, մէկ մըն ալ չկայ»։ 13«Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան, իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»։ 14«Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է». 15«Անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու». 16«Կործանում եւ թշուառութիւն կայ իրենց ճամբաներուն մէջ»։ 17«Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան»։ 18«Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»։ 19Բայց գիտենք թէ օրէնքը ինչ որ կ’ըսէ, անոնց կ’ըսէ՝ որոնք օրէնքին տակ են, որպէս զի ամէն բերան գոցուի եւ բոլոր աշխարհ դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ։ 20Վասն զի անոր առջեւ ոեւէ մարմին պիտի չարդարանայ օրէնքին գործերովը, քանզի օրէնքով մեղքը կը ճանչցուի։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ Կ’ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ
21Բայց հիմա առանց օրէնքի Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուած է, թէեւ օրէնքն ու մարգարէները կը վկայեն թէ 22Աստուծոյ արդարութիւնը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքէն է որ բոլոր հաւատացողներուն վրայ կ’ըլլայ. քանզի խտրութիւն չկայ։ 23Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան. 24բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան, 25որը Աստուած նախապէս սահմանած էր, քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը. քանզի Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը։ 26Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ժամանակին մէջ ցուցնելու համար, որպէս զի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսին հաւատացողը։ 27Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծենալը։ Խափանուեցաւ։ Ո՞ր օրէնքէն, գործերո՞ւ օրէնքէն։ Ո՛չ, հապա հաւատքի օրէնքէն։ 28Վասն զի կը սեպենք թէ մարդ հաւատքով կ’արդարանայ առանց օրէնքին գործերուն։ 29Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞։ Այո՛, հեթանոսներունն ալ։ 30Որովհետեւ Աստուած մէկ է։ Թլփատութիւնը հաւատքով կ’արդարանայ եւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով։ 31Ուստի մենք հաւատքով օրէնքը կը խափանե՞նք։ Քա՛ւ լիցի, հապա օրէնքը կը հաստատենք։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in