ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 2
2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1Ո՛վ մարդ, ո՛վ որ ըլլաս՝ դուն որ կը դատես՝ արդարանալու չքմեղանք չունիս. քանզի ի՛նչ բանով որ ուրիշը կը դատես, անով քու անձդ կը դատապարտես. վասն զի դո՛ւն ալ որ կը դատես՝ նոյն բաները կ’ընես։ 2Բայց գիտենք թէ Աստուծոյ դատաստանը ճշմարտութիւնով կ’ըլլայ անոնց վրայ՝ որ այնպիսի բաներ կը գործեն։ 3Արդ՝ ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես եւ նոյն բաները կ’ընես, մտքէդ կ’անցընե՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն ազատ պիտի մնաս. 4կամ թէ անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ։ 5Բայց դուն քու խստութիւնովդ եւ անզիղջ սրտովդ քու անձիդ վրայ բարկութիւն կը դիզես՝ բարկութեան օրուան համար, երբ Աստուծոյ արդար դատաստանը պիտի յայտնուի։ 6Քանզի ամէն մէկուն իր գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանէ. 7յաւիտենական կեանք անոնց, որոնք բարի գործերու մէջ համբերութեամբ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը խնդրեն. 8բայց անոնց՝ որ հակառակ են եւ ճշմարտութեան անհնազանդ ու անիրաւութեան հնազանդած՝ պիտի ըլլայ բարկութիւն եւ սրտմտութիւն, 9նեղութիւն եւ տառապանք ամէն անոնց որ չար են, 10առաջ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին, իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն այն ամենուն, որ բարի են։ Առաջ՝ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին։ 11Վասն զի Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ 12Քանզի անոնք որ առանց օրէնքի մեղք գործեցին, առանց օրէնքի պիտի կորսուին եւ անոնք որ օրէնքի տակ մեղք գործեցին, օրէնքով պիտի դատուին, 13(վասն զի ոչ թէ օրէնքը լսողները Աստուծոյ առջեւ արդար են, հապա օրէնքը կատարողները պիտի արդարանան 14քանզի հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, 15որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը), 16այն օրը երբ Աստուած մարդոց ծածուկ բաները դատէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով իմ քարոզած աւետարանիս համեմատ։
ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԵՒ ՕՐԷՆՔԸ
17Դուն Հրեայ կոչուեր ես եւ օրէնքին կռթներ ես ու Աստուծմով կը պարծենաս 18եւ անոր կամքը գիտես ու տարբեր բաները կը զանազանես՝ օրէնքէն խրատուած ըլլալով 19եւ քու անձիդ վրայ վստահութիւն ունիս՝ թէ կոյրերուն առաջնորդ ես, խաւարածներուն՝ լոյս, 20անմիտներուն՝ խրատ տուող, տղայոց՝ վարժապետ, վստահ ես թէ օրէնքով գիտութեան ու ճշմարտութեան կերպարանքը ունիս։ 21Իսկ արդ՝ դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. 22որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս. որ կը զզուիս կուռքերէն, սրբապղծութի՞ւն կ’ընես. 23որ օրէնքով կը պարծենաս, օրինազանց ըլլալով՝ Աստուած կ’անարգե՞ս։ 24Վասն զի ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն, ինչպէս գրուած է։
25Արդ՝ թլփատութիւնը շահ կ’ունենայ, եթէ օրէնքը պահես. իսկ եթէ օրէնքին դէմ յանցաւոր ես, քու թլփատութիւնդ անթլփատութիւն կ’ըլլայ։ 26Ուստի եթէ անթլփատութիւնը օրէնքին իրաւունքները պահէ, չէ՞ որ անոր անթլփատութիւնը թլփատութիւն պիտի սեպուի. 27եւ ի բնէ եղած անթլփատութիւնը օրէնքը կատարելով՝ պիտի դատապարտէ քեզ, որ գրով ու թլփատութիւնով օրէնքին դէմ յանցաւոր ես։ 28Վասն զի Հրեայ չէ ան որ դուրսէն է եւ թլփատութիւն չէ այն որ դուրսէն՝ մարմնով է. 29հապա ա՛ն Հրեայ է որ ներսէն է եւ իսկական թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով ու ո՛չ թէ գրով, որուն գովեստը ո՛չ թէ մարդոցմէ է, հապա՝ Աստուծմէ։
Currently Selected:
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 2: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017