Արդ՝ ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես եւ նոյն բաները կ’ընես, մտքէդ կ’անցընե՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն ազատ պիտի մնաս. կամ թէ անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ։