1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:16
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։
Compare
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:16
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:17
Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի»։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:17
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:20
Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:20
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:21
Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով խաւարեցաւ։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:21
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:25
Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:25
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:18
Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:18
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:26-28
Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։ Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։ Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:26-28
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:22-23
Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:22-23
Home
Bible
Plans
Videos