ՄԱՐԿՈՍ 4
4
ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 13.1-9, Ղուկ. 8.4-8)
1Դարձեալ սկսաւ սորվեցնել ծովեզերքը եւ շատ ժողովուրդ անոր քով ժողվուեցաւ, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ, իսկ ժողովուրդը՝ ծովեզերքը։ 2Անոնց շատ բաներ կը սորվեցնէր առակներով ու կ’ըսէր անոնց իր վարդապետութեանը մէջ. 3«Լսեցէ՛ք, ահա սերմ ցանողը ելաւ որպէս զի սերմ ցանէ։ 4Երբ կը ցանէր, մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ 5Ուրիշ մը ինկաւ ապառաժոտ տեղ մը, ուր շատ հող չկար։ Շուտ մը բուսաւ՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար, 6սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցաւ ու արմատ չունենալուն համար չորցաւ։ 7Ուրիշ մը ինկաւ փուշերու մէջ եւ փուշերը ելան ու խեղդեցին զանիկա ու պտուղ չտուաւ։ 8Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին, որ ելան ու մեծցան եւ կը բերէին մէկուն տեղ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն, մէկուն տեղ՝ հարիւր»։ 9Ու կ’ըսէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։
ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
(Մատթ. 13.10-17, Ղուկ. 8.9-10)
10Երբ առանձինն էր, իր քով եղողները՝ տասներկուքին հետ մէկտեղ՝ հարցուցին իրեն այս առակին մասին։ 11Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց՝ որ դուրսէն են, ամէն բան առակներով կ’ըլլայ. 12որպէս զի տեսնելով տեսնեն՝ ու չտեսնեն եւ լսելով լսեն՝ ու չիմանան, որպէս զի չըլլայ թէ դարձի գան եւ իրենց մեղքերուն թողութիւն ըլլայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ
(Մատթ. 13.18-23, Ղուկ. 8.11-15)
13Ապա ըսաւ անոնց. «Այս առակը չէ՞ք գիտեր. ուրեմն ի՞նչպէս պիտի գիտնաք բոլոր առակները։ 14Սերմ ցանողը խօսքը կը ցանէ։ 15Ճամբուն քովինները անոնք են, որոնց մէջ խօսքը կը ցանուի ու երբ լսեն, շուտ մը Սատանան կու գայ եւ անոնց սրտերուն մէջ ցանուած խօսքը կը հանէ։ 16Ապառաժոտ տեղերու վրայ ցանուածները անոնք են, որ երբ լսեն խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունին զանիկա, 17բայց իրենց մէջ արմատ չունենալով՝ քիչ ժամանակ կը տեւեն, ետքը երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղին։ 18Փուշերուն մէջ ցանուածները անոնք են, որ երբ խօսքը լսեն, 19աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները եւ ուրիշ բաներու ցանկութիւններ մէջ մտնելով, խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլան անպտուղ։ 20Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը կը լսեն եւ կ’ընդունին ու պտուղ կու տան՝ մէկուն տեղ՝ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն ու մէկուն տեղ՝ հարիւր»։
ԳՐՈՒԱՆԻՆ ՏԱԿԻ ՃՐԱԳԸ
(Ղուկ. 8.16-18)
21Ապա ըսաւ անոնց. «Միթէ ճրագը գրուանին կամ մահիճին տա՞կ դրուելու համար կու գայ, չէ՞ որ աշտանակին վրայ դրուելու համար։ 22Վասն զի ծածուկ բան մը չկայ, որ պիտի չյայտնուի. եւ գաղտուկ բան մը չէ եղած, որ երեւան չելլէ։ 23Եթէ մէկը լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։
24Յետոյ ըսաւ անոնց. «Նայեցէք, ի՞նչ կը լսէք. ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ։ 25Վասն զի ո՛վ որ ունի անոր պիտի տրուի. եւ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։
ԱՃՈՂ ՍԵՐՄԻՆ ԱՌԱԿԸ
26Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ 27ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ 28Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։ 29Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կ’սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։
ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ
(Մատթ. 13.31-32,34, Ղուկ. 13.18-19)
30Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։ 31Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է, 32բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ’ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ’արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։
33Այսպէս շատ առակներով կը խօսէր անոնց, որչափ որ կրնային մտիկ ընել։ 34Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, բայց առանձինն աշակերտներուն կը մեկնէր բոլորը։
ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ
(Մատթ. 8.23-27, Ղուկ. 8.22-25)
35Նոյն օրը երբ իրիկուն եղաւ, ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէք ծովուն անդիի կողմը անցնինք»։ 36Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք, որ արդէն նաւուն մէջ էր. եւ ուրիշ նաւակներ ալ կային անոր հետ։ 37Մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս որ գրեթէ նաւը կը լեցուէր։ 38Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։ 39Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ 40Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք»։ 41Անոնք խիստ վախցան ու ըսին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին»։
Currently Selected:
ՄԱՐԿՈՍ 4: WA2017
Highlight
Share
Copy

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017