ՄԱՐԿՈՍ 3
3
ՉՈՐՑԱԾ ՁԵՌՔՈՎ ՄԱՐԴԸ
(Մատթ. 12.9-14, Ղուկ. 6.6-11)
1Նորէն ժողովարանը մտաւ, ուր մարդ մը կար՝ որուն ձեռքը չորցած էր։ 2Ոմանք կը սպասէին տեսնելու թէ արդեօք Շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։ 3Յիսուս ձեռքը չորցած մարդուն ըսաւ. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ 4Ու ըսաւ անոնց. «Շաբաթ օրը բարի՞ք ընել արժան է՝ թէ չարիք ընել, հոգի մը ապրեցնե՞լ՝ թէ մեռցնել»։ Անոնք լուռ կեցան։ 5Յիսուս բարկութեամբ շուրջանակի անոնց նայելով՝ անոնց սրտերուն կուրութեանը համար տրտմած, ըսաւ այն մարդուն. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ երկնցուց եւ անոր ձեռքը #3.5 Ոմանք, ողջնցաւ միւսին պէսողջնցաւ։ 6Փարիսեցիները Հերովդէսեաններուն հետ մէկտեղ շուտ մը դուրս ելլելով, անոր դէմ խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս կորսնցնեն զանիկա։
ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԼՃԻՆ ՔՈՎ
7Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ծովեզերքը գնաց եւ շատ բազմութիւն անոր ետեւէն գացին Գալիլիայէն ու Հրէաստանէն, 8եւ Երուսաղէմէն ու Եդովմէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն ու անոնք ալ որ Տիւրոսի ու Սիդոնի շրջակայ տեղերէն էին, մեծ բազմութեամբ, երբ լսեցին ինչ որ կ’ընէր։ 9Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նաւակ մը պատրաստեն իրեն համար՝ ժողովուրդին բազմութեանը պատճառաւ, որպէս զի զինք չնեղեն։ 10Քանզի շատերը բժշկեց, այնպէս որ ցաւ ունեցողներ վրան կը դիզուէին, որպէս զի իրեն դպչին։ 11Պիղծ ոգիները երբ զինք կը տեսնէին, կ’իյնային իր առջեւ, կը կանչուըռտէին ու կ’ըսէին. 12«Դուն ես Աստուծոյ Որդին»։ Ինք սաստիկ կը յանդիմանէր զանոնք, որ զինք չյայտնեն։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ Կ’ԸՆՏՐԷ
(Մատթ. 10.1-4, Ղուկ. 6.12-16)
13Յիսուս լեռը ելլելով՝ իր ուզածները իրեն կանչեց ու գացին անոր քով։ 14Տասներկու հոգի ընտրեց, որպէս զի իրեն հետ ըլլան, որպէս զի զանոնք ղրկէ քարոզելու։ 15Ու իշխանութիւն տուաւ ցաւերը բժշկելու եւ դեւերը հանելու։ 16Սիմոնին անունը Պետրոս դրաւ. 17եւ Զեբեդեան Յակոբոսին ու Յակոբոսին եղբօրը Յովհաննէսին անունները Բաներեգէս դրաւ, որ ըսել է՝ «Որդի որոտման». 18Անդրէասն ու Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսն ու Մատթէոսը, Թովմասն ու Ալփէոսեան Յակոբոսը, Թադէոսն ու Սիմոն Կանանացին 19եւ Յուդա Իսկարիովտացին, որ յետոյ մատնեց զանիկա։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԲԷԵՂԶԵԲՈՒՂԸ
(Մատթ. 12.22-32, Ղուկ. 11.14-23, 12.10)
20Տուն մը գացին։ Նորէն ժողովուրդը ժողվուեցաւ, այնպէս որ հաց ուտելու ալ ժամանակ չկրցան գտնել։ 21Երբ իրենները լսեցին, ելան որ զինք բռնեն. քանզի կ’ըսէին. «Խելռած է»։ 22Այն դպիրները, որոնք Երուսաղէմէն իջեր էին, կ’ըսէին թէ «Ասոր ներսիդին Բէեղզեբուղ կայ եւ դեւերուն մեծ իշխանովը դեւերը կը հանէ»։ 23Յիսուս զանոնք կանչելով՝ առակներով ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կրնայ Սատանան Սատանայ հանել։ 24Եթէ թագաւորութիւն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն թագաւորութիւնը չի կրնար կենալ։ 25Եթէ տուն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն տունը չի կրնար կենալ։ 26Եթէ Սատանան իրեն դէմ ելած ու բաժնուած է, անիկա չի կրնար կենալ, հապա անոր վերջը հասած կ’ըլլայ։ 27Մէկը չի կրնար զօրաւոր մարդու մը տունը մտնելով անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։» 28Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ «Ամէն մեղք պիտի ներուի մարդոց որդիներուն եւ հայհոյութիւնները՝ որչափ որ հայհոյեն. 29բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ, յաւիտեան թողութիւն պիտի չունենայ, հապա յաւիտենական դատաստանին պարտաւոր պիտի ըլլայ»։ 30Վասն զի կ’ըսէին պիղծ ոգի կայ անոր ներսիդին։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐՆ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
(Մատթ. 12.46-50, Ղուկ. 8.19-21)
31Ետքը անոր մայրը ու եղբայրները եկան ու դուրսը կայնելով՝ մարդ ղրկեցին ու կանչեցին զանիկա։ 32Ժողովուրդը, որ անոր բոլորտիքը նստեր էր, իրեն ըսին. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ քեզ կ’ուզեն»։ 33Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս»։ 34Ու իր բոլորտիքը նստողներուն նայելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս ու իմ եղբայրներս. 35վասն զի ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։
Currently Selected:
ՄԱՐԿՈՍ 3: WA2017
Highlight
Share
Copy

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017