ՄԱՐԿՈՍ 15
15
ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԱՌՋԵՒ
(Մատթ. 27.1-2,11-14, Ղուկ. 23.1-5, Յովհ. 18.28-38)
1Առտուն՝ շուտ մը քահանայապետները՝ ծերերուն ու դպիրներուն հետ եւ բոլոր ժողովն ալ խորհուրդ ըրին, Յիսուսը կապեցին ու տարին մատնեցին Պիղատոսին։ 2Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրէից թագաւորը»։ Անիկա ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Դո՛ւն կ’ըսես»։ 3Եւ քահանայապետները շատ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայով։ 4Պիղատոս նորէն հարցուց անոր՝ ըսելով. «Պատասխան մը չե՞ս տար. նայէ ո՞րչափ քեզի դէմ կը վկայեն»։ 5Յիսուս տակաւին պատասխան մը չտուաւ, այնպէս որ Պիղատոս զարմացաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ
(Մատթ. 27.15-26, Ղուկ. 23.13-25, Յովհ. 18.39, 19.16)
6Տօնին ատենը կապուած մը կ’արձակէր անոնց, ո՛րը որ իրենք ուզէին։ 7Մէկը կար Բարաբբա անունով՝ իր ընկեր խռովարարներուն հետ կապուած, որոնք խռովութեան ատենը մարդասպանութիւն ըրեր էին։ 8Ժողովուրդը աղաղակելով՝ սկսաւ խնդրել որ ընէ, ինչպէս միշտ կ’ընէր իրենց։ 9Եւ Պիղատոս անոնց դարձաւ ու ըսաւ. «Կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։ 10Քանզի գիտէր թէ քահանայապետները նախանձի համար մատներ էին զանիկա։ 11Քահանայապետները ժողովուրդը գրգռեցին որ խնդրեն Բարաբբան արձակել։ 12Նորէն Պիղատոս հարցուց ու ըսաւ անոնց. «Հապա Հրէից թագաւորը ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ»։ 13Անոնք աղաղակեցին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։ 14Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։ 15Պիղատոս ժողովուրդը գոհացնել ուզելով՝ Բարաբբան արձակեց անոնց ու Յիսուսը ծեծելով՝ անոնց ձեռքը տուաւ որպէս զի խաչուի։
ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ԾԱՂՐԵՆ
(Մատթ. 27.27-31, Յովհ. 19.2-3)
16Զինուորները ներս տարին զանիկա գաւիթը, այսինքն պալատը եւ բոլոր գունդը մէկտեղ կանչեցին, 17ու հագցուցին անոր ծիրանիներ եւ փշեղէն պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին։ 18Ու սկսան բարեւ տալ անոր ու ըսել. «Ողջո՛յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։ 19Անոր գլուխը եղէգով կը ծեծէին ու կը թքնէին անոր վրայ եւ ծունկի վրայ գալով երկրպագութիւն կ’ընէին անոր։ 20Երբ ծաղր ըրին զանիկա, ծիրանիները վրայէն հանեցին եւ իր հանդերձները հագցուցին անոր ու դուրս հանեցին զանիկա՝ որպէս զի խաչը հանեն։
ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ
(Մատթ. 27.32-44, Ղուկ. 23.26-43, Յովհ. 19.17-27)
21Եւ Սիմոն Կիւրենացին, Աղեքսանդրոսին եւ Ռուփոսին հայրը, որ ատկէ կ’անցնէր արտէն եկած, ստիպեցին որ անոր խաչը վերցնէ։ 22Ու տարին զանիկա Գողգոթա ըսուած տեղը, (որ կը թարգմանուի Գանկի տեղ), 23եւ անոր զմուռսով խառնուած գինի տուին որ խմէ, բայց ինք չառաւ։ 24Ու խաչը հանեցին զանիկա եւ անոր հանդերձները բաժնեցին՝ անոնց վրայ վիճակ ձգելով թէ՝ ո՞վ ի՛նչ պիտի առնէ։ 25Ժամը երեքն էր ու խաչը հանեցին զանիկա։ 26Անոր յանցանքի գիրը գրուած էր թէ «Հրէից թագաւորն է»։ 27Ու անոր հետ երկու աւազակ խաչը հանեցին. մէկը անոր աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը։ 28Եւ կատարուեցաւ գրուածը որ կ’ըսէ. «Անօրէններու հետ սեպուեցաւ»։ 29Եւ անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին ու կ’ըսէին. «Աւա՜ղ որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր։ 30Ինքզինքդ ազատէ՛ ու իջի՛ր խաչէն»։ 31Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն հետ իրենց մէջ ծաղր ընելով՝ կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ 32Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէս զի տեսնենք ու հաւատանք»։ Եւ իրեն հետ խաչուողները կը նախատէին զանիկա։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀԸ
(Մատթ. 27.45-56, Ղուկ. 23.44-49, Յովհ. 19.28-30)
33Վեցերորդ ժամը հասածին պէս՝ բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ 34Իններորդ ժամուն՝ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլօի՜, Էլօի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ կը թարգմանուի՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ 35Եւ քովը կայնողներէն ոմանք երբ լսեցին՝ ըսին թէ՝ Եղիան կը կանչէ։ 36Ու մէկը վազեց սպունգ մը քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցընելով՝ տուաւ անոր որպէս զի խմէ եւ ըսաւ. «Թող տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա վար իջեցնելու»։
37Յիսուս մեծ ձայն մը հանեց ու հոգին տուաւ։ 38Տաճարին վարագոյրը երկուքի պատռուեցաւ վերէն վար։ 39Հարիւրապետը, որ անոր դէմ կեցեր էր, տեսնելով որ այսպէս աղաղակելով հոգի տուաւ, ըսաւ. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը»։ 40Կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն, 41որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Ուրիշ շատ կիներ ալ՝ որոնք իրեն հետ Երուսաղէմ ելեր էին։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ
(Մատթ. 27.57-61, Ղուկ. 23.50-56, Յովհ. 19.38-42)
42Երբ իրիկուն եղաւ, այն օրը Ուրբաթ էր, այսինքն Շաբաթին առջի օրը, 43Յովսէփ Արիմաթացի, երեւելի խորհրդական մը, որ ինքն ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէր, եկաւ ու համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց։ 44Պիղատոս զարմացաւ որ արդէն մեռած է։ Հարիւրապետը իրեն կանչելով՝ հարցուց անոր. «Շա՞տ ատեն է որ մեռաւ»։ 45Երբ ան ստոյգը իմացաւ հարիւրապետէն, մարմինը Յովսէփին շնորհեց։ 46Յովսէփ կտաւ գնեց ու զանիկա վար իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու դրաւ գերեզմանի մը մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ քար մը գլորեց գերեզմանին դուռը։ 47Իսկ Մարիամ Մագդաղենացին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը տեսան այն տեղը, ուր դրուեցաւ։
Currently Selected:
ՄԱՐԿՈՍ 15: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017