YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՐԿՈՍ 14

14
ԴԱՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԴԷՄ
(Մատթ. 26.1-5, Ղուկ. 22.1-2, Յովհ. 11.45-53)
1Երկու օր յետոյ Զատիկ ու բաղարջակերք էր. եւ քահանայապետներն ու դպիրները կը խորհէին թէ ի՞նչ նենգութեամբ բռնեն զանիկա ու մեռցնեն։ 2Բայց կ’ըսէին. «Ոչ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՕԾՈՒՄԸ ԲԵԹԱՆԻԱՅԻ ՄԷՋ
(Մատթ. 26.6-13, Յովհ. 12.1-8)
3Երբ ինք Բեթանիա էր՝ բորոտ Սիմոնին տունը՝ սեղան նստած, կին մը եկաւ, որ շիշ մը պատուական սուղ նարդոսի իւղ ունէր։ Կոտրեց այն շիշը ու իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց։ 4Կային ոմանք, որ կը նեղուէին ու կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը, 5քանզի այդ [իւղը] երեք հարիւր դահեկանէն աւելի կրնար ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ Եւ սաստիկ կը յանդիմանէին զանիկա։ 6Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք, ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի։ 7Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ 8Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ։ Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար։ 9Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։
ՅՈՒԴԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԵԼ ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ
(Մատթ. 26.14-16, Ղուկ. 22.3-6)
10Յուդա Իսկարիովտացի, տասներկուքէն մէկը, գնաց քահանայապետներուն, որ զանիկա մատնէ անոնց։ 11Անոնք ալ լսելով ուրախացան ու իրեն ստակ ալ խոստացան։ Ան կը փնտռէր յարմար պատեհութիւն մը, որ մատնէ զանիկա։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԶԱՏԻԿԸ Կ’ՈՒՏԷ
(Մատթ. 26.17-25, Ղուկ. 22.7-14,21-23, Յովհ. 13.21-30)
12Բաղարջակերաց առաջին օրը, երբ Զատիկը կը մորթէին, անոր աշակերտները ըսին իրեն. «Ո՞ւր կ’ուզես որ երթանք պատրաստենք՝ որպէս զի Զատիկը ուտես»։ 13Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց ու ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք քաղաքը ու ձեզի մարդ մը պիտի պատահի՝ որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը կը տանի, գացէ՛ք անոր ետեւէն։ 14Ուր որ մտնէ, տանը տիրոջը ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ, ո՞ւր է օթեւանը, ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ կարենամ Զատիկը ուտել’։ 15Ան ալ ձեզի յարդարուած ու պատրաստ մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ. հոն պատրաստեցէք մեզի»։ 16Աշակերտները գացին ու քաղաքը մտան եւ ինչպէս իրենց ըսաւ՝ այնպէս գտան եւ Զատիկը պատրաստեցին։
17Իրիկունը, տասներկուքին հետ մէկտեղ գնաց հոն։ 18Երբ սեղան նստան եւ կ’ուտէին, ըսաւ Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը որ հիմա ինծի հետ կ’ուտէ, զիս պիտի մատնէ»։ 19Անոնք սկսան տրտմիլ ու մէկիկ մէկիկ ըսել անոր. «Միթէ ե՞ս եմ». եւ ուրիշ մը՝ «Միթէ ե՞ս եմ»։ 20Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Տասներկուքէն ան, որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց։ 21Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։
ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ
(Մատթ. 26.26-30, Ղուկ. 22.14-20, Ա. Կորթ. 11.23-25)
22Երբ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. #14.22 Ոմանք, Առէք, կերէք«Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս»։ 23Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց։ Ամէնքն ալ խմեցին անկէ։ 24Ըսաւ անոնց. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի։ 25Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։
ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Մատթ. 26.31-35, Ղուկ. 22.31-34, Յովհ. 13.36-38)
26Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։ 27Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ամէնքդ ալ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու ոչխարները պիտի ցրուին’։ 28Բայց յարութիւն առնելէս ետքը ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ 29Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։ 30Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, որ դուն ալ այս գիշեր՝ դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։ 31Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնիլ ալ պէտք ըլլայ ինծի, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ». նոյնպէս կ’ըսէին բոլորն ալ։
ՅԻՍՈՒՍ ԳԵԹՍԵՄԱՆԻԻ ՄԷՋ Կ’ԱՂՕԹԷ
(Մատթ. 26.36-46, Ղուկ. 22.39-46)
32Եկան այն տեղը որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթք ընեմ»։ 33Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, սկսաւ խռովիլ եւ վշտանալ։ 34Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է. հո՛ս կեցէք եւ արթուն մնացէք»։ 35Քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ, որ եթէ կարելի է, այն ժամը իրմէ անցնի։ 36Եւ ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ 37Երբ եկաւ ու զանոնք քնացած գտաւ՝ ըսաւ Պետրոսին. «Սի՛մոն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն կենալ։ 38Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ 39Նորէն գնաց աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։ 40Եւ դարձաւ ու զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր եւ չէին գիտեր թէ ի՞նչ պատասխան տան անոր։ 41Երրորդ անգամ ալ եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէ՛ք ու հանգչեցէ՛ք. բաւական է, ժամը հասաւ, ահա Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ 42Ելէ՛ք երթանք։ Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 26.47-56, Ղուկ. 22.47-53, Յովհ. 18.3-12)
43Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ քահանայապետներուն եւ դպիրներուն ու ծերերուն կողմէն շատ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով։ 44Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք»։ 45Անիկա գալով մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ռաբբի՛, Ռաբբի՛», ու համբուրեց զանիկա։ 46Անոնք ձեռք զարկին անոր ու բռնեցին զանիկա։ 47Եւ քովը կայնողներէն մէկը սուրը քաշեց ու զարկաւ քահանայապետին ծառային ու անոր ականջը մէկդի հանեց։ 48Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իբր աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ 49Ամէն օր ձեր քով էի ու տաճարին մէջ կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք, բայց որպէս զի գրքերը կատարուին»։ 50Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։ 51Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ’երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած ու երիտասարդները զանիկա բռնեցին. 52ան ալ կտաւը թողուց ու մերկ փախաւ անոնցմէ։
ՅԻՍՈՒՍ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ
(Մատթ. 26.57-68, Ղուկ. 22.54-55,63-71, Յովհ. 18.13-14,19-24)
53Տարին Յիսուսը քահանայապետին, անոր քով ժողվուեցան բոլոր քահանայապետները եւ ծերերը ու դպիրները։ 54Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ ներսը, քահանայապետին գաւիթը սպասաւորներուն հետ նստաւ ու կրակին քով կը տաքնար։ 55Քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը Յիսուսին դէմ վկայութիւն կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն եւ չէին գտներ. 56վասն զի շատեր սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ, բայց վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին։ 57Ոմանք ելան սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ ու կ’ըսէին. 58«Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’»։ 59Բայց այնպէս ալ իրենց վկայութիւնը համաձայն չէր։ 60Եւ քահանայապետը մէջտեղը ոտքի ելլելով՝ հարցուց Յիսուսին ու ըսաւ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ 61Բայց ան լուռ կը կենար եւ պատասխան մը չէր տար։ Քահանայապետը նորէն կը հարցնէր անոր ու կ’ըսէր. «Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին»։ 62Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած»։ 63Քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ։ 64Ատոր հայհոյութիւնը լսեցիք. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Ամէնքը դատապարտեցին զանիկա՝ թէ մահապարտ է։
65Ոմանք սկսան թքնել ու անոր երեսը ծածկել եւ բռունցքով ծեծել ու ըսել. «Մարգարէացի՛ր»։ Սպասաւորները ապտակ կը զարնէին անոր։
ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
(Մատթ. 26.69-75, Ղուկ. 22.56-62, Յովհ. 18.15-18,25-27)
66Պետրոս վարը գաւիթն էր։ Քահանայապետին աղախիններէն մէկը եկաւ 67ու տեսնելով Պետրոսը որ կը տաքնար՝ նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էիր»։ 68Բայց անիկա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս»։ Երբ դուրս ելաւ գաւիթին դրանը առջեւ, հաւը խօսեցաւ։ 69Եւ աղախինը նորէն տեսաւ զանիկա ու սկսաւ շուրջը կայնողներուն ըսել. «Ա՛ս ալ անոնցմէ է»։ 70Եւ անիկա նորէն ուրացաւ։ Ու քիչ մը ետքը՝ նորէն հոն կայնողները ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն անոնցմէ ես, վասն զի Գալիլիացի ես եւ քու խօսուածքդ ալ նման է անոնց»։ 71Բայց անիկա սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար, որուն համար դուք կ’ըսէք»։ 72Իսկոյն երկրորդ անգամ հաւը խօսեցաւ։ Պետրոս միտքը բերաւ այն խօսքը, որ Յիսուս իրեն ըսեր էր. «Դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Ու սկսաւ լալ։

Currently Selected:

ՄԱՐԿՈՍ 14: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in