YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 22

22
ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԿՈՉՈՒՆՔԻՆ ԱՌԱԿԸ
(Ղուկ. 14.15-24)
1Դարձեալ Յիսուս առակներով ըսաւ անոնց. 2«Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։ 3Անոնք չուզեցին գալ։ 4Նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. ‘Ըսէք հրաւիրուածներուն, ‹Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք›’։ 5Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։ 6Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին։ 7Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց։ 8Այն ատեն իր ծառաներուն ըսաւ. ‘Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ 9Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք’։ 10Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ։ 11Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր, 12ըսաւ անոր. ‘Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի’։ Անիկա պապանձեցաւ։ 13Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. ‘Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։ 14Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ’»։
ՏՈՒՐՔ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
(Մարկ. 12.13-17, Ղուկ. 20.20-26)
15Այն ատեն Փարիսեցիները խորհուրդ ըրին որպէս զի որոգայթ մը լարեն խօսքով։ 16Իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններու հետ մէկտեղ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես ու մարդո՛ւ համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, 17ուստի մեզի ըսէ. ‘Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, պէ՞տք է Կայսրին տուրք տալ թէ ոչ’»։ 18Յիսուս գիտնալով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, 19ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը բերին իրեն։ 20Հարցուց անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ 21Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ 22Երբ լսեցին՝ զարմացան եւ թողուցին զանիկա ու գացին։
ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մարկ. 12.18-27, Ղուկ. 20.27-40)
23Նոյն օրը անոր քով եկան Սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ հարցուցին՝ 24ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 25Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։ 26Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։ 27Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 28Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 29Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք մոլորած էք։ Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը. 30քանզի յարութեան ատեն ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են։ 31Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար՝ չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը. 32‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։ 33Ժողովուրդը այս լսելով՝ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ։
ՄԵԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ
(Մարկ. 12.28-34, Ղուկ. 10.25-28)
34Փարիսեցիները երբ լսեցին թէ անիկա պապանձեցուց Սադուկեցիները, մէկտեղ ժողուեցան 35եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց, զանիկա փորձելով. 36«Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ 37Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ 38Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ 39Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ 40Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։
ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ
(Մարկ. 12.35-37, Ղուկ. 20.41-44)
41Երբ Փարիսեցիները ժողվուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց ու ըսաւ. 42«Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է»։ 43Ըսին իրեն. «Դաւիթին»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. 44‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ 45Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ 46Եւ մէ՛կը չէր կրնար անոր պատասխանել։ Այն օրէն յետոյ մէ՛կը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 22: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in