ՄԱՏԹԷՈՍ 23
23
ՅԻՍՈՒՍ ԴՊԻՐՆԵՐԷՆ ԵՒ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
(Մարկ. 12.38-39, Ղուկ. 11.44, 20.45-46)
1Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ ժողովուրդներուն եւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ. 2«Մովսէսին աթոռը դպիրները եւ Փարիսեցիները նստած են։ 3Ուրեմն ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ։ 4Քանզի ծանր ու տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել։ 5Իրենց բոլոր գործերը մարդոց երեւնալու համար կ’ընեն. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները ու կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները. 6ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները։ 7Եւ մարդոցմէ Ռաբբի, Ռաբբի կոչուիլ։ 8Բայց դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ 9Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ 10Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ 11Եւ ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։ 12Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՆՈՆՑ ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
(Մարկ. 12.40, Ղուկ. 11.39-42)
13 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն։
14 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ որ որբեւարիներուն տուները կ’ուտէք ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնէք. անոր համար աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։ 15Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ ծով ու ցամաք կը պտըտիք մէկը նորահաւատ ընելու ու երբ ըլլայ, զանիկա ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ’ընէք։ 16Վա՜յ ձեզի կո՛յր առաջնորդներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։ 17Ո՛վ յիմարներ ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, ոսկի՞ն թէ տաճարը որ կը սրբացնէ ոսկին։ 18Եւ թէ ‘Ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ սեղանին վրայի պատարագին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։ 19Յիմարնե՛ր ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, պատարա՞գը թէ սեղանը որ կը սրբացնէ պատարագը։ 20Ուստի ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր վրայի ամէն բաներուն վրայ 21եւ ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր մէջ բնակողին վրայ 22եւ ով որ երկնքի վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ Աստուծոյ աթոռին վրայ եւ անոր վրայ նստողին վրայ։ 23Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։ 24Կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք։ 25Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ #23.25 Ոմանք, անբարեխառնութեամբանիրաւութեամբ լեցուն են։ 26Կո՛յր Փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ։ 27Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։ 28Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ’երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք»։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՆՈՆՑ ՊԱՏԻԺԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Ղուկ. 11.47-51)
29 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ մարգարէներուն տապանները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք, 30ու կ’ըսէք. ‘Եթէ մեր հայրերուն օրերը ըլլայինք, անոնց հետ մարգարէներուն արեանը մասնակից չէինք ըլլար’։ 31Ուրեմն դուք ձեզի համար կը վկայէք թէ անոնց զաւակներն էք՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին։ 32Ուստի դուք ալ ձեր հայրերուն չափը լեցուցէք։ 33Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն։ 34Ատոր համար ահա ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ։ Անոնցմէ մէկ քանիները պիտի սպաննէք ու խաչը հանէք, մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։ 35Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի որդիին Զաքարիային արիւնը, որ տաճարին եւ սեղանին միջեւ սպաննեցիք։ 36Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԷՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՆԴԷՊ
(Ղուկ. 13.34-35)
37 «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ 38Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ։ 39Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։
Currently Selected:
ՄԱՏԹԷՈՍ 23: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017