YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 2

2
ՍՈՒՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ
1Սուտ մարգարէներ ալ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան, որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ ու զիրենք ծախու առնող Տէրը ուրանալով՝ իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը։ 2Շատեր անոնց #2.2 Ոմանք, անառակութիւններունկորստական ընթացքներուն ետեւէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն. 3եւ ագահութիւնով՝ խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ձեզ պիտի շահագործեն. որոնց դատապարտութիւնը շատոնցմէ պատրաստ ըլլալով ՝ պիտի չուշանայ ու անոնց կորուստը պիտի չմրափէ։
4Վասն զի եթէ Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած՝ դատաստանի պահել տուաւ 5ու առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ. 6եւ Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ ըրաւ զանոնք. 7բայց ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր. 8(վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը). 9Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել։
10Մանաւանդ անոնք որ պղծալից ցանկութեամբ մարմնի ետեւէ կ’երթան եւ տէրութիւնը կ’անարգեն, ինքնահաւան եւ յանդուգն են, չեն վախնար մեծափառներուն հայհոյելէ։ 11Երբ հրեշտակները, որ անոնցմէ շատ մեծ են զօրութիւնով ու կարողութիւնով, Տէրոջը առջեւ հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց վրայ։ 12Բայց ասոնք անբան անասուններու պէս, (որ բնականէն որսացուելու եւ սպաննուելու համար են) կը հայհոյեն անոնց որ չեն ճանչնար. անոնք իրենց ապականութիւնովը պիտի ապականին, 13անիրաւութեան վարձքը ընդունելով։ Անոնք ցորեկուան մէջ եղած զեղխութիւնը զուարճութիւն կը սեպեն։ Արատ ու բիծ են, իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով՝ երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին. 14շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, որ մեղքէ չեն դադարիր. անհաստատ հոգիները կը խաբեն. ագահութեան վարժուած սրտեր ունին եւ անիծեալ զաւակներ են։ 15Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան՝ Բէովրեան Բաղաամին ճամբուն հետեւելով, որ անիրաւութեան վարձքը սիրեց։ 16Բայց իր անօրէնութեանը յանդիմանութիւնը առաւ, երբ անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսելով՝ մարգարէին յիմարութիւնը արգիլեց։ 17Ասոնք ջուր չունեցող աղբիւրներ են ու փոթորիկէն քշուած մէգեր, որոնց համար թանձր խաւարը պահուած է յաւիտեան։ 18Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով՝ գիջութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ՝ որ մոլորութեան մէջ կը պտըտին. 19անոնց ազատութիւն կը խոստանան, բայց իրենք ապականութեան ծառաներ են. վասն զի ինչ բանէ որ մէկը յաղթուի, անոր ծառայ կ’ըլլայ։ 20Վասն զի եթէ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին գիտութիւնովը աշխարհին պղծութիւններէն հրաժարելէ յետոյ դարձեալ այն բաներէն բռնուած յաղթուին, անոնց վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ 21Վասն զի աղէկ էր անոնց՝ որ բնաւ արդարութեան ճամբան ճանչցած չըլլային, քան թէ ճանչնալէ յետոյ ետ դառնային այն սուրբ պատուիրանքէն՝ որ իրենց յանձնուեցաւ։ 22Սակայն անոնց պատահեցաւ հին ճշմարիտ առակը, որ կ’ըսէ. «Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ ու լուացուած խոզը՝ ցեխի մէջ թապլտկելու»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy