YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍԻ 1

1
1Շմաւոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ եւ առաքեալ՝ ձեզի, որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք մեր Աստուծոյն ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին արդարութիւնովը. 2շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ աւելնան Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսին գիտութիւնովը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՉԸ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
3Ինչպէս իր աստուածային զօրութիւնը կեանքի եւ աստուածպաշտութեան վերաբերեալ բոլոր բաները մեզի տուաւ անոր գիտութիւնովը՝ որ մեզ փառքով ու առաքինութիւնով հրաւիրեց, 4որոնցմով ամենամեծ ու պատուական խոստումներ տրուած են մեզի, որպէս զի ասնոցմով աստուածային բնութեանը հաղորդակցինք՝ աշխարհի ցանկութենէն յառաջ եկած ապականութենէն փախչելով։ 5Եւ այս բանին համար բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն 6եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն 7ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր, 8քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ։ 9Բայց որուն քով որ այս բաները չկան, անիկա կոյր է ու կարճատես, որ մոռցեր է իր առաջուան մեղքերէն մաքրուիլը։ 10Ասոր համար, ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք. 11քանզի ասանկով ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել։ 12Ուստի երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ։ 13Պարտականութիւն կը սեպեմ, որքան ատեն որ #1.13 Յուն., վրանինմարմնի մէջ եմ, մտքերնիդ ձգելով՝ ձեզ արթնցնել։ 14Քանզի գիտեմ թէ ես շուտով այս իմ մարմնէս պիտի մերկանամ, ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը յայտնեց ինծի։ 15Ուստի պիտի ջանամ որ իմ աշխարհէն ելլելէս ետքն ալ միշտ կարող ըլլաք այս բաները յիշել։
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓԱՌՔԻՆ ԱԿԱՆԱՏԵՍՆԵՐ
16Վասն զի ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։ 17Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ 18Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ։ 19Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի։ 20Բայց առաջ ասիկա գիտցէք, թէ գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ 21Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy