Ուտելէ ետք, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսի.
– Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի։
– Այո՛, Տէ՛ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։
– Արածէ՛ իմ գառնուկներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։
Եւ դարձեալ հարցուց.
– Սիմո՛ն, Յովնանի՛ Որդի, կը սիրե՞ս զիս։
– Այո՛ Տէ՜ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։
– Արածէ՛ իմ ոչխարներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ երրորդ անգամ հարցուց.
– Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս։
Պետրոս տրտմեցաւ որ երեք անգամ հարցուց իրեն՝ «կը սիրե՞ս զիս», եւ ըսաւ անոր.
– Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես, եւ գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։