1
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:8
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը։
Compare
Explore ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:8
2
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:7
Յիսուս պատասխանեց. –Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է։
Explore ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:7
3
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:4-5
Եւ առիթով մը, երբ անոնց հետ միասին հաց կ՚ուտէր, անոնց պատուիրեց. – Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէք՝ մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը, որուն մասին խօսեցայ ձեզի։ Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք մօտ ատենէն։
Explore ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:4-5
4
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:3
Իր չարչարանքներուն յաջորդող քառասուն օրերուն ընթացքին ան քանիցս երեւցաւ անոնց, բազմաթիւ կերպերով ցոյց տալով՝ թէ ինք այլեւս ողջ է, եւ խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան մասին։
Explore ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:3
5
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:9
Այս խօսքերէն ետք, մինչ անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն։
Explore ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:9
6
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:10-11
Եւ երբ տակաւին առաքեալները իրենց աչքերը երկինք յառած՝ Յիսուսի մեկնիլը կը դիտէին, ահա երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց եւ ըսին. –Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք։
Explore ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1:10-11
Home
Bible
Plans
Videos