YouVersion Logo
Search Icon

ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 21:15-17

ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 21:15-17 WANTACOC

Ուտելէ ետք, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսի. – Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի։ – Այո՛, Տէ՛ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։ – Արածէ՛ իմ գառնուկներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ դարձեալ հարցուց. – Սիմո՛ն, Յովնանի՛ Որդի, կը սիրե՞ս զիս։ – Այո՛ Տէ՜ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։ – Արածէ՛ իմ ոչխարներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ երրորդ անգամ հարցուց. – Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս։ Պետրոս տրտմեցաւ որ երեք անգամ հարցուց իրեն՝ «կը սիրե՞ս զիս», եւ ըսաւ անոր. – Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես, եւ գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։