1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:49
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Եւ ահա ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը։ Մնացէ՛ք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք։
Ṣe Àfiwé
Ṣàwárí ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:49
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:6
Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ։ Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ՝ մինչ տակաւին ձեզի հետ Գալիլեա կը գտնուէր
Ṣàwárí ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:6
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:31-32
Անմիջապէս անոնց աչքերը բացուեցան եւ ճանչցան զինք, բայց ինք անոնց աչքերէն անյայտացաւ։ Անոնք իրարու ըսին. – Մեր սիրտերը չէի՞ն ճմլուեր, երբ անիկա ճամբու ընթացքին մեզի հետ կը խօսէր եւ Սուրբ գիրքերը կը բացատրէր։
Ṣàwárí ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:31-32
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:46-47
եւ ըսաւ անոնց. – Գրուած է, որ Քրիստոս այսպէս պէտք էր չարչարուէր եւ երեք օր ետք յարութիւն առնէր. անոր անունով ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն պէտք էր քարոզուէր բոլոր ժողովուրդներուն՝ Երուսաղէմէն սկսեալ։
Ṣàwárí ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:46-47
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:2-3
Գերեզմանին մուտքը փակող քարը գլորուած գտնելով՝ ներս մտան, բայց Տէր Յիսուսի մարմինը հոն չգտան։
Ṣàwárí ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 24:2-3
Ilé
Bíbélì
Àwon ètò
Àwon Fídíò