ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 19
19
Յիսուս եւ Զակքէոս
1Յիսուս Երիքով մտաւ եւ կ՚անցնէր քաղաքէն։ 2Զակքէոս անունով մարդ մը, որ մաքսապետ էր եւ հարուստ, 3կ՚ուզէր տեսնել թէ ո՛վ է Յիսուսը, բայց ամբոխին պատճառով չէր յաջողեր՝ քանի կարճահասակ էր։ 4Ուստի առաջ վազեց եւ ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէսզի տեսնէ, որովհետեւ Յիսուս այդտեղէն պիտի անցնէր։ 5Յիսուս երբ հասաւ այդ տեղը, վեր նայեցաւ եւ ըսաւ.
– Զակքէո՛ս, աճապարէ՛, վա՛ր իջիր, որովհետեւ այսօր պէտք է որ տունդ գիշերեմ։
6Զակքէոս աճապարելով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց Յիսուսը։ 7Բոլոր անոնք որոնք տեսան ասիկա, սկսան մրթմրթալ եւ ըսել.
– Այս մարդը մեղաւորի մը տունը գնաց հիւր եղաւ։
8Զակքէոս ոտքի ելաւ եւ Տիրոջ ըսաւ.
– Տէ՛ր, ահա ունեցածիս կէսը աղքատներուն պիտի տամ եւ եթէ ոեւէ մէկը անիրաւած եմ՝ քառապատիկ պիտի հատուցանեմ անոր։
9Յիսուս ըսաւ անոր.
– Այսօր այս տունը փրկուեցաւ, քանի այս մարդն ալ Աբրահամի զաւակ է։ 10Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փնտռելու եւ փրկելու։
Ինչպէ՞ս շահարկել դրամը
(Մտ 25.14-30)
11Մինչ ժողովուրդը անոր ըսածները մտիկ կ՚ընէր, Յիսուս իր խօսքը շարունակեց, եւ Երուսաղէմի մօտեցած ըլլալով ու գիտնալով որ ժողովուրդը կը կարծէ թէ Աստուծոյ արքայութիւնը շուտով պիտի յայտնուի, հետեւեալ առակը պատմեց անոնց.
12Ազնուական մարդ մը կար, որ հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ։ 13Նախ քան մեկնիլը, կանչեց իր ծառաներէն տասը հոգի եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ. «Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս»։ 14Բայցիր քաղաքացիները կ՚ատէին զինք. հետեւաբար պատգամաւոր ղրկեցին իր ետեւէն, ըսելով. «Չե՛նք ուզեր որ ան մեր վրայ թագաւոր դառնայ»։
15Երբ ազնուականը թագաւորական իշխանութիւնը առաւ եւ վերադարձաւ, անմիջապէս կանչեց իր ծառաները, որոնց դրամ տուած էր, գիտնալու համար թէ ի՛նչ շահած են։ 16Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, մէկ տուածիդ դէմ տասը շահեցայ»։ 17Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ բանին մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, ահա քեզ տասը քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»։ 18Երկրորդ ծառան ալ եկաւ եւ ըսաւ. «Մէկ տուածիդ դէմ հինգ շահեցայ»։ 19Տէրը ըսաւ. «Քեզ ալ հինգ քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»։ 20Երրորդը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահաւասիկ տուած դրամդ, զայն պահեցի թաշկինակի մը մէջ ծրարած։ 21Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ մըն ես։ Կ՚առնես ինչ որ քուկդ չէ եւ կը հնձես ինչ որ չես սերմանած»։ 22Տէրը ըսաւ անոր. «Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ քեզ պիտի դատեմ։ Քանի գիտէիր որ խիստ մարդ մըն եմ, կ՚առնեմ ինչ որ իմս չէ եւ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած, 23ինչո՞ւ դրամս շահարկողներուն չտուիր, քանի գիտէիր նաեւ թէ վերադարձիս զայն տոկոսով միասին պիտի պահանջէի»։ 24Ապա սպասաւորներուն ըսաւ. «Առէ՛ք իրմէ դրամը եւ տարէք տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած է»։ 25Անոնք ըսին. «Տէ՛ր, անիկա արդէն տասնպատիկը ունի»։ 26«Գիտցէք»,– ըսաւ ան,– «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ։ 27Իսկ իմ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք եւ իմ ներկայութեանս սպաննեցէք զանոնք»։
28Այս խօսքը ըսելէ ետք Յիսուս շարունակեց իր ճամբան դէպի Երուսաղէմ։
Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
(Մտ 21.1-11,15-17, Մր 11.1-11, Յհ 12.12-19)
29Երբ Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէի եւ Բեթանիայի, մօտիկը այն լերան որ Ձիթենեաց կը կոչուի, աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց՝ 30անոնց պատուիրելով.
– Գացէք սա դիմացի գիւղը։ Հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ո՛չ ոք նստած է տակաւին։ Քակեցէք զայն եւ բերէք։ 31Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ թէ ինչո՛ւ կը քակէք, իրեն ըսէք՝ «Տէրը պէտք ունի անոր»։
32Երկու աշակերտները գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ըսած էր իրենց։ Աւանակը հոն էր։ 33Եւ մինչ կը քակէին զայն, անոր տէրերը ըսին իրենց.
– Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը։
34Անոնք պատասխանեցին.
– Տէրը պէտք ունի անոր։
35Եւ զայն բերին Յիսուսի։ Ապա իրենց վերարկուները դրին աւանակին վրայ եւ Յիսուսը հեծցուցին անոր վրայ։ 36Եւ մինչ կը յառաջանար, ժողովուրդը վերարկուները ճամբուն վրայ կը փռէր։
37Երբ մօտեցաւ Երուսաղէմի, հոն ուր Ձիթենեաց լերան զառիվարը կը սկսէր, աշակերտները բոլորն ալ սկսան ուրախութեամբ եւ բարձրաձայն զԱստուած օրհնաբանել՝ իրենց տեսած բոլոր հրաշագործութիւններուն համար, 38ըսելով.
«Օրհնեալ է թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով.
խաղաղութի՜ւն երկինքի մէջ
եւ փա՜ռք Բարձրեալին»։
39 Փարիսեցիներէն ոմանք ամբոխին մէջէն ըսին Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, աշակերտներդ սաստէ որ լռեն։ 40Յիսուս պատասխանեց. է Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ատոնք լռեն՝ քարերը պիտի աղաղակեն։
Յիսուս կու լայ Երուսաղէմի վրայ
41Երբ Յիսուս աւելի մօտեցաւ Երուսաղէմի եւ տեսաւ զայն, լացաւ անոր վրայ 42եւ ըսաւ. է Գոնէ այսօր գիտնայիր թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ խաղաղութիւնդ։ Բայց այլեւս պիտի չկրնաս տեսնել։ 43Որովհետեւ օրեր պիտի գան, երբ թշնամիներդ շուրջդ պատնէշ պիտի կանգնեն, պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ պիտի նեղեն քեզ։ 44Հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ եւ սպաննեն բնակչութիւնդ։ Քար քարի վրայ պիտի չձգեն, որովհետեւ չգիտցար ժամանակը երբ Աստուած եկաւ քեզ փրկելու։
Յիսուս տաճարը կը մաքրագործէ
(Մտ 21.12-17, Մր 11.15-19, Յհ 2.13-17)
45Ապա տաճար մտաւ եւ սկսաւ դուրս հանել աղաւնեվաճառներն ու գնողները, լումայափոխներուն սեղանները շրջեց 46եւ ըսաւ անոնց. է Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ», մինչ դուք աւազակներու որջի վերածած էք զայն։ 47Յիսուս ամէն օր տաճարին մէջ կ՚ուսուցանէր։ Աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու ժողովուրդին ղեկավարները կ՚ուզէին զինք սպաննել։ 48Բայց չէին գիտեր թէ ի՛նչպէս ընեն, մանաւանդ որ ամբողջ ժողովուրդը անոր բերնէն կախուած՝ մտիկ կ՚ընէր իրեն։
လက်ရှိရွေးချယ်ထားမှု
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 19: WANTACoC
အရောင်မှတ်ချက်
မျှဝေရန်
ကူးယူ
မိမိစက်ကိရိယာအားလုံးတွင် မိမိအရောင်ချယ်သောအရာများကို သိမ်းဆည်းထားလိုပါသလား။ စာရင်းသွင်းပါ (သို့) အကောင့်ဝင်လိုက်ပါ
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019