1
ԾՆՆԴՈՑ 3:6
Western Armenian Bible 1853
Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ
Mampitaha
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:6
2
ԾՆՆԴՈՑ 3:1
Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:1
3
ԾՆՆԴՈՑ 3:15
Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:15
4
ԾՆՆԴՈՑ 3:16
Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:16
5
ԾՆՆԴՈՑ 3:19
Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:19
6
ԾՆՆԴՈՑ 3:17
Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:17
7
ԾՆՆԴՈՑ 3:11
Եւ Աստուած ըսաւ. «Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես»։
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:11
8
ԾՆՆԴՈՑ 3:24
Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար։
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:24
9
ԾՆՆԴՈՑ 3:20
Ադամ իր կնոջ անունը Եւա դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր։
Mikaroka ԾՆՆԴՈՑ 3:20
Fidirana
Baiboly
Planina
Horonan-tsary