1
ՄԱՐԿՈՍ 4:39-40
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք»։
Mampitaha
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 4:39-40
2
ՄԱՐԿՈՍ 4:41
Անոնք խիստ վախցան ու ըսին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին»։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 4:41
3
ՄԱՐԿՈՍ 4:38
Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 4:38
4
ՄԱՐԿՈՍ 4:24
Յետոյ ըսաւ անոնց. «Նայեցէք, ի՞նչ կը լսէք. ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 4:24
5
ՄԱՐԿՈՍ 4:26-27
Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 4:26-27
6
ՄԱՐԿՈՍ 4:23
Եթէ մէկը լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 4:23
Fidirana
Baiboly
Planina
Horonan-tsary