1
ՄԱՐԿՈՍ 16:15
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։
Mampitaha
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 16:15
2
ՄԱՐԿՈՍ 16:17-18
Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին. ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 16:17-18
3
ՄԱՐԿՈՍ 16:16
Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 16:16
4
ՄԱՐԿՈՍ 16:20
Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 16:20
5
ՄԱՐԿՈՍ 16:6
Անիկա ըսաւ անոնց. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 16:6
6
ՄԱՐԿՈՍ 16:4-5
(ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր), վասն զի շատ մեծ էր։ Գերեզմանէն ներս մտնելով՝ երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստեր էր ճերմակ պատմուճան հագած ու զարհուրեցան։
Mikaroka ՄԱՐԿՈՍ 16:4-5
Fidirana
Baiboly
Planina
Horonan-tsary